Խոհեր – Ազատ Բեմ . Սեւ 100-Ամեակի Սեմին
ՅԱՐՈՒԹ ՃԷՆԱՆԵԱՆ
Սպասեցինք տասնամեակներ, որպէսզի Մեծ եղեռնի արհաւիրքը ապրած, մազապուրծ ազատած եւ մեծ մասամբ որբացած հայ բեկորները իրենք զիրենք գտնեն, եւ քանի մը սերունդ հասակ նետած ընկերային հաւաքականութիւն դարձած, սթափին եւ մտածեն, թէ անցող դարասկիզբին ի՛նչ պատահեցաւ իրենց հայրերուն:
Ահաւասիկ հոս կը սկսի շարանը հարցադրումներու, թէ ինչո՛ւ պէտք էր կրէինք այդ համազգային պատիժը, որ երկնային թէ երկրային որոշումով իջաւ մեր գլխուն, շանթահարեց հազարամեակներու կեանք ունեցող ազգ մը, արմատախիլ ըրաւ զայն իր պապենական հողերէն` զայն նետելով աշխահասփիւռ օտար ափեր: Այսքանը` մեր սեւ ճակատագիրին պատմականին մասին:
Անշուշտ կարելի չէ անցեալը դիւրաւ մոռնալ ու բացուած խորունկ վէրքը դարմանել շուտով, բայց հարկ է մտածել, թէ ի՛նչ պէտք է ընէինք փրկուելու համար այդ չար աղէտէն, թէեւ ալ թեր ու դէմ դատումները ոչ մէկ օգուտ ունին, սակայն կարեւոր է մտածել այդ մասին եւ զայն կամրջել ներկային ու ապագային: Արդարեւ, պէտք է մտածել այն մասին, թէ հիմա ինչպէ՛ս կարելի է փարատել ցաւը եւ բուժել բացուած վէրքը, մանաւանդ որ ազգին մէջ քիչ չէ թիւը անոնց, որոնք բռնած են ձուլումի ճամբան` երկրէ երկիր, անյոյս նայելով ազգին ապագային: Ոմանք անտարբեր եղած են, անկարող` դէմ դնելու աջէն ու ձախէն կլանող գաղափարներուն, իրենց հաւատքը կորսնցնելով ազգին կազդուրման եւ վերակերտումին առնչութեամբ:
Բարեբախտաբար ներկայիս ունինք անկախ Հայաստան, եւ սփիւռքէն մինչեւ հայրենիք կը հնչէ պահանջատիրութեան կարգախօսը. հոս կ՛երգուի «Ցանկամ տեսնել զիմ Կիլիկիա» երգը` օր մը վերադառնալու յոյսով, իսկ այնտեղ` հայրենիքը ղեկը ստանձնած պատասխանատուներ զանազան առիթներով հանդիսաւորապէս կը խոստանան իրականացնել հզօր Հայաստան մը:
Շատ գեղեցիկ են երգերն ու ճառերը, սակայն անոնց ետեւէն պէտք է գան լուռ եւ յարատեւ աշխատանքի գործնական քայլերը: Այո՛, չիրականացաւ ռուս մեծ ղեկավարի մը այն խօսքը, թէ` «կ՛ուզէ Հայաստան մը առանց հայի», քանի որ ի գին մղուած միահամուռ ճակատումներուն տիրացանք ներկայ Հայաստանին, որ մեր պատմական հողերու արեւելեան մասին վրայ ստեղծուեցաւ դէպքերու բերումով: Սակայն արեւմտեան կողմին վրայ դարաւոր թշնամիին դէմ կռուելու համար իրենց կեանքը լեռներուն վրայ անցուցած եւ զոհուած հայ ֆետային վերջին շունչը փչած ատեն «Ա՜խ, Հայաստան» գոչեց ու այդ երազով մեռաւ: Ճիշդ է, որ ունեցանք Հայաստան, բայց կարեւորը զայն պահելն ու զօրացնելն է` բանաստեղծին խօսքին հետեւողութեամբ. «Կանք, պիտի լինենք ու դեռ շատանանք»:
Մենք կը հաւատանք նաեւ հայու բնածին հանճարեղ մտքին, որով պիտի գտնենք իրապաշտ ճշմարիտ ուղին` հասնելու համար հզօր Հայաստանի: Մեծերու խաղերուն եւ քաղաքական դաւադիր խառնիճաղանճին ընդմէջէն պիտի կարենանք մեր փոքրիկ հօտը առաջնորդել եւ այս բոլորէն զերծ պահել հայրենիք մը, որ շրջապատուած է գիշատիչ բորենիներով, որոնք անհամբեր կը սպասեն յօշոտելու մեզ` համաթուրանականութեան ժանիքները սրած, բայց` պահուած ոչխարի մորթին տակ:
Ուրեմն կը յուսանք, որ ներկայ հայ պետականութիւնը նախ մեր սահմաններուն եւ ժողովուրդին անվտանգութիւնը ապահովելէ ետք ազդու միջոցներու պիտի դիմէ` արգելք հանդիսանալու ներկայիս տեղի ունեցող արտագաղթի հոսքին, յաւելեալ նորանոր քայլեր առնելու տանելի դարձնելու մարդոց կեանքը հայրենիքին մէջ, ինչպէս նաեւ որդեգրէ մարդոց իրաւունքներու պաշտպանութիւնը երաշխաւորող արդար օրէնքներ: Միւս կողմէ` պէտք է սփիւռքահայութիւնը ներգրաւելու համար հրապուրիչ խայծեր ցուցաբերէ, որպէսզի դէպի հայրենիք խուժէ սփիւռքահայը, հոն օտար չզգայ, այլ արժանանայ սիրալիր ընդունելութեան եւ արդար վերաբերումի, հարազատ զգայ եւ շուտով հաշտուի հայրենիքին հետ, որուն սիրով բոցավառ ապրած է երկար ատեն: Այն ատեն հզօր կը դառնայ Հայաստանը, երբ իրապէս ազգին բոլոր զաւակները ձեռքերը իրարու կը զօդեն, աշխարհին դիմաց կը կանգնին միաճակատ, եւ ոչ թէ տասնեակ կուսակցութիւններ իրարու դէմ կը մրցին ապօրէն գործելաձեւերով, մինչ սահմանէն անդին թշնամին կ՛ուրախանայ եւ գլուխ կը ճօճէ մեր անորոշ եւ երբեմն բախումներու հասնող վիճակին համար:
Մենք կը ճանչնանք ամբողջական Հայաստան մը` որպէս հող եւ պատմութիւն. ոչ ոք իրաւունք ունի դուրսէն թելադրուած գաղափարներով ջլատելու մեր հաւաքական ուժը եւ ուշացնելու մեր զօրացումը: Եօթը դարեր սպասեցինք այսօրուան անկախ Հայաստանը ունենալու համար: Պէտք չէ պատճառներ ստեղծել անոր տկարացման, այլ խաղաղ պայմաններու մէջ է, որ պիտի յառաջդիմէ, բարգաւաճի եւ հզօրանայ: Իսկ հայ ըլլալու զգացումը պատկանելիութեան հարազատ գիտակցութիւնն է, որուն մէջ կը լուծուին ահատական բոլոր հարցերը: Արտաքին թշնամին որքան ալ հզօր ու ուժեղ ըլլայ, չի կրնար միակամ ժողովուրդի մը յաղթել: Ազգերու պատմութեան մէջ զօրացման եւ տկարացման վերիվայրումներ միշտ ալ արձանագրուած են, ուստի պէտք է համբերել, սպասել առիթներու` յարատեւ զօրացումով:
Արդ, երբ Մեծ եղեռնի սեւ 100-ամեակը արդէն յայտարարուած է ու կը գործէ Կեդրոնական մարմին մը, որ կազմուած է անձերէ, որոնք կարողութիւն ունին մտածելու եւ որդեգրելու այնպիսի ազդու քայլեր, որոնցմով զգանք, թէ այլեւս իրապէս գոյութիւն ունինք եւ մեր ժողովուրդը քանի մը հարիւրամեակներու դուռը չբախէ կրկին ու կրկին` պահանջատիրութիւնը դարձնելով ֆոլքլորի վերածուած յանկերգի մը եւ մնալու մենք մեզի, առանց տեսնելու, որ բան մը փոխուեցաւ, երբ սփիւռքէն Հայաստան ամբողջ հայութիւնը շարժեցաւ, պոռաց, կանչեց եւ ժայռ մը գլորեց:
Միւս կողմէ` թուրք դիւանագիտութիւնը արթուն` կազմ ու պատրաստ, ահազանգի տակ դրուած է ամէնուրեք հակաքարոզչական արշաւներ կատարելու եւ ընդյատակեայ գործունէութիւններով ձախողութեան մատնելու մեր տանելիք աշխատանքները կամ գէթ` նուազեցնելու անոնց ազդեցութիւնը:
Թուրքը աղուէսի հնարքներով, կեղծ ու խարդախ միջոցներու դիմած է միշտ` քաղաքական աշխարհին մէջ յաջողելու համար: Ո՞ւր ենք մենք այդ դիւանագիտական պայքարը դիմագրաւելու մենամարտին մէջ, որպէսզի գէթ այս անգամ պատմութեան առջեւ բարեյաջող կէտ մը արձանագրած ըլլանք գալիք սերունդներուն առջեւ:
Ճիշդ է, որ թուրքին կարելիութիւնները անհամեմատօրէն մեծ են մեզի հետ բաղդատելով, սակայն յարմարագոյն լծակները որոնելով գտնելու ջանքը կրնայ յօգուտ մեզի իր դերը ունենալ եւ օր մըն ալ այդ ժայռը գլորած տեսնենք: Հուսկ կարելի է միջազգային դատարան դիմել, եթէ օրէնքը կը թոյլատրէ մեզի այդ ուղղութեամբ, կարեւորը պէտք չէ ընկրկիլ կամ նահանջել, այլ քայլ մը առաջ նետուիլ` տիրանալու հայութեան իրաւունքներուն, որոնք անժամանցելի են, քանի միակամ պահանջատէր կը մնանք:
Ուրեմն լաւ պատրաստուինք, արթուն եւ միասնական ուժերով:

