Բարերարներու Նախաձեռնութեամբ Վերանորոգուեցաւ Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական Գրասենեակը

ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան կազմը
Հայ օգնութեան միութեան Կեդրոնական վարչութեան լրիւ կազմի ներկայութեամբ, մարտ 2014-ին, Պոսթընի մէջ, տեղի ունեցաւ բացումը ՀՕՄ-ի վերանորոգուած կեդրոնական գրասենեակին:
Ազգային բարերարներու սրտաբուխ նուիրատուութիւններով կարելի եղաւ իրականացնել կեդրոնական գրասենեակի տախտակամածի ամբողջական վերաշինումը:
Այս առիթով, ՀՕՄ-ի կեդրոնական վարչութիւնը, իր բոլոր կազմով, շնորհակալութիւն կը յայտնէ բարերարներ` տէր եւ տիկին Հրայր եւ Նանսի Պետիրեաններուն նիւթական բացառիկ նախաձեռնութեան, Աբօ Սաղտճեանին, վաստակաւոր ՀՕՄ-ուհի` Հայկուհի Գոհլերի, Խաչիկ եւ Ճորճ Թիթիզեաններուն, եւ Րաֆֆի Սարգիսեանի առատաձեռն նուիրատուութիւններուն համար:
Ազգային բարերարներու եւ Հայ օգնութեան միութեան առաքելութեան հաւատացող մեր հայրենակիցներուն նուիրատուութիւններով է, որ դարէ մը աւելի ՀՕՄ-ը կը ծառայէ հայ ժողովուրդին` իրականացնելով համահայկական բոլոր ծրագիրները` հայրենի եւ սփիւռքի տարածքներուն մէջ:

