ՀՕՄ-ի «Մօր Ու Մանկան» Առողջութեան Կեդրոնէն Ներս Ծնունդ Առաւ 10 Հազարերորդ Երեխայ

Մկրտչեան Արման Արտակի
Հայ օգնութեան միութեան Ախուրեանի «Մօր ու մանկան առողջութեան կեդրոն»-ի ծննդատան մէջ 1 մայիս 2014-ին լոյս աշխարհ եկաւ 10 հազարերորդ մանուկը: Կեդրոնին մէջ ծնունդ առած Մկրտչեան Արման Արտակի` Մկրտչեաններուն երրորդ զաւակը, մեծ պարծանք եւ ուրախութիւն էր ՀՕՄ-ի աշխարհասփիւռ ընտանիքին, ինչպէս նաեւ կեդրոնի տնօրէնութեան եւ անձնակազմին համար: Այս առթիւ Մկրտչեան ընտանիքը կեդրոնին կողմէ նուէր ստացաւ լուացքի մեքենայ մը:
ՀՕՄ-ի «Մօր ու մանկան առողջութեան կեդրոն»-ը, հիմնուած` 1997 թուականին, կը սպասարկէ Ախուրեանի եւ շրջակայ գիւղերու 40 հազար բնակիչներու: Օժտուած ժամանակակից ախտաճանաչման սարքերով, կեդրոնը 2005 թուականէն կը գործէ նաեւ իբրեւ ծննդատուն: Բարձրորակ կնաբուժական եւ մանկաբուժական ծառայութեան կողքին, տարեկան մօտաւորապէս 1200 երեխայ կը ծնի կեդրոնին մէջ:
Ժամանակակից սարքերու եւ ծառայութեան բարձր որակին համաձայն, Հայաստանի Հանրապետութեան առողջապահութեան նախարարութեան հրամանով, 1 ապրիլ 2014-էն սկսեալ կեդրոնը ստացաւ բուժօգնութեան կազմակերպման երկրորդ մակարդակի կոչում:
Հայ օգնութեան միութեան միաւորներուն եւ անհատ բարերարներու ջանքերով, պատմականօրէն ծանր պայմաններու տակ հիմնուած ու գոյատեւած, «Մօր ու մանկան առողջութեան կեդրոն»-ը, այսօր կը հանդիսանայ Հայաստանի լաւագոյն նմանօրինակ կեդրոններէն մին:

