Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Նախահայրերս

Նախահայրերս փոքր մնացին
Թափթփեցան Եղեռնի ճամբաներուն
Ինչպէս աշնան տժգոյն տերեւներ
Անոնք ինկան, որ մենք կանգնինք:

Նախահայրերս տեսան
Յաւիտենական ոխը իրենց թշնամիին:
Քալեցին անվերջ
Անօթի, ծարաւ, կիսամերկ
որբ տկա՛ր տժգոյն

Իմ նախահայրերս ծերացան
Երբ տակաւին փոքր էին
Տեսան եաթաղան, անապատ,
Սպանդ …. Ցեղասպանութիւն

* * *

Ըսէ՛ք, հայրեր
Ի՞նչ կրնամ ձօնել ձեր յիշատակին
Ամբողջ կեանքս խո՛ւնկ ըլլայ
Մո՜մ ըլլայ, լա՛ց ըլլայ`
Չի բաւեր ձեր յիշատակը
Ողբերգելու, իմ հայրեր թանկագին

ԱՆԻ ԱՊԱՃԵԱՆ

Ապրիլ, 2014

Share this Article
CATEGORIES