Կիւլ. «Թուրքիան Պէտք Է Միշտ Պատրաստ Ըլլայ Պատերազմի»

1305GulԹրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթին կայքը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլ յայտարարած է, որ Թուրքիան պէտք է միշտ պատրաստ ըլլայ պատերազմի:

Ան նշած է, որ Թուրքիան պատերազմ չի ցանկար, եւ Անգարա կը փորձէ շրջանին մէջ կայունութիւն ստեղծել, սակայն հակառակ անոր` երկիրը միշտ պէտք է պատրաստ ըլլայ պատերազմի:

Կիւլ նշած է, որ Թուրքիոյ զինեալ ուժերու ուժեղացումը անհրաժեշտութիւն է:

Ան նաեւ ընդգծած է, որ Թուրքիան նախ տեղական արտադրութեան կործանիչ ստեղծելու գործին լծուած է, ապա միայն սեփական արտադրութեամբ քաղաքային օդանաւեր ունենալու:

Share this Article
CATEGORIES