Էրտողան Եւ Կիւլ Հեռացած Են Հանդիսաւոր Նիստէ Մը
Թրքական լրատուամիջոցներ դարձեալ Թուրքիոյ մէջ նոր գայթակղութեան մը մասին լուր մը հրապարակեցին: Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան ընդհատած է Թուրքիոյ Փաստաբաններու տան ղեկավար Մեթին Ֆէյզիօղլուի արտասանած խօսքը, որովհետեւ Էրտողան անոր խօսքին մէջ կառավարութեան հասցէին քննադատական երանգ նկատած է:
Ձեռնարկը, որուն կը մասնակցէր նաեւ Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլ, նուիրուած էր Պետական խորհուրդի հիմնադրութեան 146-րդ տարեդարձին: Երբ Փաստաբաններու տան նախագահը յայտարարած է, որ 2011-ի Վանի աւերիչ երկրաշարժին ժամանակ կառավարութիւնը բաւարար ջանքեր չէ գործադրած, վարչապետը նստած տեղէն պոռացած է, թէ Ֆէյզիօղլուի ըսածները սուտ են եւ պահանջած, որ ան իր չափը գիտնայ:
Թէեւ Ֆէյզիօղլու հակադարձած է, որ ինք որեւէ վատ կամ սխալ բան չ՛ըսեր, սակայն վարչապետը զայրացած հեռացած է սրահէն: Անոր հետ դուրս եկած է նաեւ նախագահը` չսպասելով ձեռնարկին աւարտին:
Ի դէպ, Ֆէյզիօղլու եղած է «Էրկենեքոն»-ի գործով ձերբակալուած զինուորականներու գլխաւոր փաստաբաններէն մէկը:

