«Թուրքիան Ոչ Թէ Սուրիոյ Մէջ Ահաբեկիչներու Կ՛աջակցի, Այլ` Անոնց Դէմ Կը Պայքարի» Կ՛ըսէ Տաւութօղլու
Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթի կայքը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու յայտարարած է, որ Քայիտայի գործունէութիւնը կը սպառնայ Թուրքիոյ անվտանգութեան:
Տաւութօղլու նշած է, որ այն յայտարարութիւնները, որոնք կ՛ըսեն, թէ Թուրքիան Սուրիոյ մէջ ահաբեկիչներուն կ՛աջակցի, իրականութեան չի համապատասխաներ:
«Նախապէս Թուրքիան տուժած է Քայիտայի գործունէութենէն: Այս պահուս բոլոր միջոցառումները ուղղուած են ահաբեկիչներուն դէմ պայքարին», ըսած է Տաւութօղլու:
Ըստ անոր, Սուրիոյ մէջ գործող ահաբեկչական խմբաւորումներու հարցը մշտապէս կը քննարկուի արտերկրեայ գործընկերներու հետ, եւ բազմաթիւ երկիրներ պայքար կը մղեն ծայրայեղականներու դէմ:
CATEGORIES Միջազգային

