Եաալոն. «Սուրիական Հարցին Պիտի Չմիջամտենք, Այնքան Ատեն Որ Կարմիր Գիծերը Չեն Շրջանցուած»

Մոշէ Եաալոն

Մոշէ Եաալոն

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Մոշէ Եաալոն յայտարարեց, որ «Իսրայէլ պատշաճ կերպով պիտի հակադարձէ ճակատներէն որեւէ մէկուն վրայ իր սահմաններուն դէմ որեւէ յարձակումի»:

Ան նշեց, որ «Իսրայէլ սուրիական հարցին պիտի չմիջամտէ, այնքան ատեն որ իր գծած կարմիր գիծերը չեն շրջանցուած»:

Կոլանի բռնագրաւեալ բարձունքներ իր քննական այցելութեան ընթացքին Եաալոն ըսաւ, որ Իսրայէլ մարդասիրական նպատակներով որդեգրած է Սուրիոյ մէջ բախումներու ընթացքին վիրաւորուածները դարմանելու քաղաքականութիւն մը:

Ան ընդգծեց, որ այն, ինչ որ զինք կը հետաքրքրէ, Իսրայէլի ապահովական կարիքներուն ապահովումն է, եւ իր ու ելեւմուտքի նախարարին միջեւ պաշտպանութեան նախարարութեան պիւտճէին շուրջ տարակարծութիւնը իրենց միջեւ տագնապ մը չի նկատեր:

Share this Article
CATEGORIES