Մարդկային Իրաւանց Եւրոպական Դատարանը Կիպրոս Ներխուժման Համար Թուրքիոյ Դէմ 90 Միլիոն Եւրոյի Տուգանք Կը Հաստատէ

1305ECHRԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանը Թուրքիոյ իշխանութիւններուն հրամայած է 1974-ին Կիպրոս ներխուժման համար 90 միլիոն տոլար վճարել:

2001-ին Մարդկային իրաւանց Եւրոպական դատարանը «Կիպրոսը ընդդէմ Թուրքիոյ» գործին մէջ Անգարան մեղաւոր ճանչցած էր Մարդկային իրաւանց եւրոպական ուխտի դրոյթներու բազմաթիւ խախտումներու մէջ, երբ Թուրքիոյ իշխանութիւնները բռնագրաւած էին կղզիի հիւսիսային հատուածը: Օրին, սակայն, փոխհատուցման գումարի չափը չէր յստակացուած:

Այժմ Սթրազպուրկի դատարանը պարտադրած է Անգարային` իբրեւ բարոյական վնասի հատուցում 30 միլիոն եւրօ վճարել անյայտ կորսուած անձերու ընտանեկան պարագաներուն եւ 60 միլիոն եւրօ` իբրեւ բարոյական վնասի հատուցում Քարփաս թերակղզիին մէջ բնակող յոյն կիպրացիներուն:

«Կիպրոսի կառավարութիւնը պէտք է ստացած գումարները փոխանցէ առանձին զոհերուն` Եւրոպական Խորհուրդի նախարարներու յանձնախումբի հսկողութեան տակ», ընդգծած են Մարդկային իրաւանց Եւրոպական դատարանէն աղբիւրներ:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու` մեկնաբանելով Մարդկային իրաւանց Եւրոպական դատարանի որոշումը, նշած է, որ անիկա կը վնասէ կղզիի համայնքներուն միջեւ բանակցային հոլովոյթին:  Աւելի՛ն, ան յայտարարեց, որ Թուրքիա այդ գումարը պիտի չվճարէ` նշելով. «Մենք նպատակայարմար չենք նկատեր դատարանի վճիռին կատարումը: Դատարանը գերակատարած է իր լիազօրութիւնները»:

 

 

Share this Article
CATEGORIES