Ֆայսալ Իշխանը Իրանցի Իր Պաշտօնակիցը Հրաւիրած Է Ռիատ

Սէուտ Ֆայսալ իշխանը
Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Սէուտ Ֆայսալ իշխանը երէկ յայտարարեց, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆը հրաւիրած է Ռիատ:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարը իր երկրին հիւլէական թղթածրարին շուրջ գոյացած ժամանակաւոր համաձայնութենէն ետք այցելած է Ծոցի շրջանին մէջ Սէուտական Արաբիոյ դաշնակիցներ Քուէյթ, Քաթար, Օման եւ Միացեալ Արաբական Էմիրութիւններ, սակայն ոչ Սէուտական Արաբիա:
Ֆայսալ Ռիատի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին նշեց, որ Զարիֆ հրաւէրը ստացած է, սակայն տակաւին պատասխան չէ տուած: Ան չյայտնեց, որ Ռիատ հրաւէրը ե՛րբ յղած է:
«Մենք (Իրանի) արտաքին գործոց նախարարին հրաւէր մը յղած ենք, սակայն անոր այցելելու մտադրութիւնը իրողութեան չէ վերածուած… սակայն որեւէ ատեն, որ յարմար կը դատէ գալ, մենք պատրաստ ենք զինք ընդունելու», ըսաւ ան:
«Մենք անոնց (իրանցիներուն) հետ պիտի բանակցինք, անոնց հետ քննարկում պիտի կատարենք», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Մեր յոյսը այն է, որ Իրան շրջանը կարելի եղածին չափ ապահով եւ բարգաւաճ դարձնելու ջանքին եւ խնդիրին մաս չկազմէ»:

