Թրքական Մամուլը Հոլլանտի Այցելութեան Մասին

1305ArmeniaԹրքական լրատուամիջոցներ ուշադիր կը հետեւին Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի հայաստանեան այցելութեան եւ գրեթէ բոլորն ալ շեշտը կը դնեն Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու Թուրքիոյ ուղղուած կոչին վրայ:

Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը «Հոլլանտէն Թուրքիոյ` ցեղասպանութեան ճանաչման կոչ» խորագիրով տեղեկատուութեան մէջ նշած է, որ Ֆրանսայի նախագահը Երեւանի մէջ ցեղասպանութեան յուշահամալիր այցելելէ ետք կոչով դիմած է Թուրքիոյ` պահանջելով ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Թրքական «Թէ27» կայքը գրած է, որ կովկասեան երկիրներ այցելութեան ընթացքին Հոլլանտ Հայաստանի մէջ դիմած է Թուրքիոյ` ըսելով, որ ցեղասպանութեան ճանաչումը ոչ թէ պիտի բաժնէ, այլ պիտի միաւորէ:

Թրքական «Սի.Էն.Էն.Թիւրք»-ի անդրադարձին մէջ նշուած է, թէ Հայաստանի նախագահին կողմէ Հոլլանտի ի պատիւ տրուած ճաշկերոյթին ժամանակ Ֆրանսայի նախագահը յայտարարած է, որ ժխտողականութիւնը վիրաւորանք է ցեղասպանութեան զոհերուն եւ իրականութեան նկատմամբ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES