Ուորլիք Շնորհակալութիւն Կը Յայտնէ Իր Նշած Դրոյթներուն Մեկնաբանութիւններուն Համար

Ճէյմս Ուորլիք
ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ շնորհակալութիւն յայտնած է Քառնեկի հիմնադրամի մէջ իր արտասանած խօսքին շուրջ մեկնաբանութիւններուն համար:
«Շնորհակալ եմ Քառնեկի հիմնադրամին մէջ արտասանած խօսքիս յաջորդած մեկնաբանութիւններուն, մինչեւ իսկ` քննադատական մեկնաբանութիւններուն համար: Կարեւոր է ունենալ անկեղծ քննարկում, թէ ինչպէ՛ս պէտք է հասնիլ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի խաղաղ լուծման»:
Ուորլիք 7 մայիսին Միջազգային խաղաղութեան Քառնեկի հիմնադրամին մէջ արտասանած էր խօսք մը, որուն մէջ անդրադարձած էր ղարաբաղեան տագնապի լուծման ուղիներուն` նշելով, որ կան վեց տարրեր, որոնք պէտք է խաղաղութեան համաձայնագիրին մաս կազմեն, եթէ կ՛ուզենք, որ այդ համաձայնութիւնը տեւական ըլլայ:
CATEGORIES Հայկական

