«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.». Ռոժէ Ծովիկեան Ստանձնեց Հաշուապահի Պաշտօնը
Քասլիքի մէջ գտնուող իր կեդրոնատեղիին մէջ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի նորընտիր կազմը` գումարելով իր առաջին ժողովը, կատարեց պաշտօններու բաժանում:
Ֆուատ Խազեն ընտրուեցաւ նախագահ, մինչ փոխնախագահներ ընտրուեցան Արսլան Սըննօ եւ Նեպիլ Քարամ:
Քամիլ Էտտէ ստանձնեց ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնը, մինչ Ժիլպեր Մասիհի` գանձապահի պաշտօնը:
Նոր ընտրուած կազմին մէջ է նաեւ Ռոժէ Ծովիկեան, որ ստանձնեց հաշուապահի պաշտօնը:
CATEGORIES Մարզական

