Լոյեւ Շատ Հաւանաբար Իր Պաշտօնին Վրայ Մնայ Մինչեւ 2016
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ Եոաքիմ Լոյեւ շատ հաւանաբար իր պաշտօնին վրայ մնայ 2016-էն ետք ալ:
Բայց ասիկա կապուած է յառաջիկայ ամիս Պրազիլի մէջ տեղի ունենալիք 2014-ի Մոնտիալին իր կազմին արձանագրելիք արդիւնքներէն:
Թէեւ Լոյեւ Եիւրկըն Քլինսմանը փոխարինելով համեմատաբար աւելի լաւ արդիւնքներ արձանագրեց, սակայն ցարդ որեւէ միջազգային տիտղոսի չէ տիրացած:
CATEGORIES Մարզական

