Աթալանթա 40 Հազար Եւրօ Տուգանքի Ենթարկուեցաւ` Դէպի Դաշտ Նետուած Պանանին Համար
Իտալիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ «ՍԵՐԻ Ա.»-ի կազմերէն Աթալանթա 40 հազար եւրօ տուգանքի ենթարկուեցաւ` նկատի ունենալով, որ նախորդ շաբաթավերջին թրիպիւնէն դէպի Ա. Սէ. Միլանի կինէացի յետսապահ Քեւին Քոնսթանթի վրայ պանան մը նետուեցաւ: Ան այդ պանանը իրաւարարին ցոյց տալէ ետք տուած էր իր խմբակիցին` Նայճըլ տը Եոնկի, որ այդ պանանը դաշտէն դուրս նետեց:
Ինչպէս ծանօթ է, «ՖԻՖԱ»-ն արգիլած է ցեղապաշտական բնոյթի բացագանչութիւններն ու նմանատիպ որեւէ արարքներ մրցումներուն ընթացքին:
Աւելի ուշ, Աթալանթայի նախագահ Անթոնիօ Փերքասսի, հեռաձայնային խօսակցութիւն մը ունենալով Ա. Սէ. Միլանի նախագահ Ատրիանօ Կալիանիի հետ, ներում հայցեց կատարուածին համար:
Նշենք, որ նմանօրինակ դէպք մը պատահած էր նաեւ նախորդ ապրիլին, երբ Վիարէալի համակիր մը Պարսելոնայի մարզիկ Տենի Ալվեսի վրայ պանան նետած էր:
Ակումբը 12 հազար եւրօ տուգանքի ենթարկուած էր, այդ համակիրին ցմահ արգիլուած էր դաշտ մուտք գործել, իսկ Ալվես այդ պանանը առնելով կերած էր:

