Քոնկոյի Մէջ 15 Անձեր Զոհուեցան Ֆութպոլի Մրցումի Մը Ընթացքին
Ֆութպոլի մրցումի մը ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ Քոնկոյի մայրաքաղաք Քինշասայի դաշտերէն մէկուն մէջ սարսափելի ողբերգութիւն մը տեղի ունեցաւ, երբ 15 անձեր զոհուեցան համակիրներուն միջեւ տեղի ունեցած խուճապային հրմշտուքի պատճառով:
Ըստ տեղեկութիւններուն, չորս ոստիկաններ ճնշումի ենթարկուեցան համակիրներուն կողմէ: Թէեւ ոստիկանները արցունքաբեր կազերով փորձեցին կացութեան տէր դառնալ, սակայն ստեղծուած խուճապին պատճառով այդ 15 զոհերը արձանագրուեցան:
CATEGORIES Մարզական

