Ֆութպոլի Բարեկամական Մրցումի Մը Ընթացքին. Հայաստանի 19 Տարեկանէն Վար Հաւաքականը 2-0 Արդիւնքով Պարտուեցաւ Լեհաստանէն

Երէկուան մրցումէն
Երէկ` երեքշաբթի, 13 մայիսին, Աւանի ֆութպոլի ակադեմիային մէջ Հայաստանի 19 տարեկանէն վար հաւաքականը հիւրընկալեց Լեհաստանի իր հասակակիցները:
Մրցումը աւարտեցաւ հիւր կազմին յաղթանակով` 2-0 արդիւնքով:
55-րդ վայրկեանին Էտըմ Պուքսա նշանակեց առաջին կոլը, իսկ մրցումին աւարտէն վայրկեան մը առաջ Կրեկոս Թոմաշեւսքի արդիւնքը բարձրացուց երկուքի:
Նշենք, որ վաղը երկու կազմերը դարձեալ պիտի մրցին իրարու դէմ:
CATEGORIES Մարզական

