Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Սաժես – Ամշիթ Առաջին Մրցումը

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան «ֆայնըլ ֆոր»-ի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` չորեքշաբթի, 14 մայիսին, երեկոյեան ժամը 17:50-ին տեղի կ՛ունենայ Սաժես – Ամշիթ առաջին ճակատումը` Ղազիրի դաշտին վրայ:

Երկու կազմերը ուրբաթ, 16 մայիսին, երեկոյեան ժամը 17:45-ին դարձեալ իրարու պիտի հանդիպին, սակայն այս անգամ Ամշիթի դաշտին վրայ:

Կիսաւարտականի երկրորդ մրցումին իրարու մրցակից կազմերն են Ռիատի եւ Պիպլոս:

Նշենք, որ հինգ մրցումէ երեք յաղթանակ արձանագրող խումբը կ՛ապահովէ աւարտականի իր տոմսը:

Share this Article
CATEGORIES