Ճատրակ. Պէյրութի Միջազգային 7-րդ Բաց Մրցաշարք. Այսօր Տեղի Կ՛ունենայ Մրցանակաբաշխութիւնը

Տիգրան Քոթանճեան (աջին)

Տիգրան Քոթանճեան (աջին)

Ֆըրն Շըպպեքի Ֆրերներու վարժարանին մէջ այսօր, երեկոյեան ժամը 19:00-ին, տեղի կ՛ունենայ Պէյրութի ճատրակի միջազգային 7-րդ բաց մրցաշարքին մրցանակաբաշխութիւնը, որուն ընթացքին տիտղոսակիրը եւ ուրիշներ կը ստանան իրենց պարգեւներն ու մրցանակները:

Ինչպէս ծանօթ է, այս մրցաշարքը տեղի ունեցաւ Լիբանանի նախկին նախարար Միշել Էտտէի հովանաւորութեամբ եւ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին հսկողութեամբ:

Անոր իրենց մասնակցութիւնը բերին 80 երկսեռ ճատրակ խաղացողներ` Սուրիայէն, Յորդանանէն, Պաղեստինէն, Իրաքէն, Ռուսիայէն, Չեխիայէն, Ազրպէյճանէն, Հոլանտայէն, Պիելոռուսիայէն, Հունգարիայէն, Լաթվիայէն, Հայաստանէն եւ Լիբանանէն:

Նշենք, որ փակման հանդիսութեան ընթացքին պիտի պարգեւատրուին կարգ մը անձեր, որոնց կարգին` Իպրահիմ Շահրուր, Նեպիլ Խըշըն եւ Հասան Ժընտի:

8-րդ եւ նախավերջին հանգրուանի մրցումներէն ետք, երեք կրանտմասթըրներ կը գտնուէին առաջին դիրքին վրայ` իրենց տրամադրութեան տակ ունենալով 6,5-ական կէտ:

Իսկ երեք ուրիշներու հետ 2-րդ դիրքին վրայ կը գտնուէր հայրենի կրանտմասթըր Տիգրան Քոթանճեան` 6 կէտով:

Քոթանճեան 8-րդ հանգրուանին հաւասարութիւն մը արձանագրեց Քիրիլ Սթոպաքի հետ (Պիելոռուսիա):

 

Share this Article
CATEGORIES