Ճատրակ. Չորս Հայեր Կը Մասնակցին Աշխարհի Արագ Եւ Կայծակնային Ախոյեանութեան

Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը Armchess.am կը հաղորդէ, որ Հայաստանէն չորս հայ կրանտմասթըրներ իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն 15-21 յունիս 2014-ին Տուպայի մէջ տեղի ունենալիք աշխարհի արագ եւ կայծակնային ճատրակի ախոյեանութեան:

Անոնք են` Լեւոն Արոնեան, Գաբրիէլ Սարգսեան, Սերկէյ Մովսիսեան եւ Զաւէն Անդրէասեան:

Մրցաշարքին տասը լաւագոյն վարկանիշ ունեցող մասնակիցներն են Քարլսըն, Արոնեան, Կրիսչուք, Անանտ, Քարուանա, Նաքամուրա, Մամետեարով, Վաշիէ-Լակրաւ, Սվիտլեր եւ Կելֆանտ:

 

Share this Article
CATEGORIES