50 Տարի Առաջ (15 Մայիս 1964)
Ուիլիըմ Սարոյեան Իր Ծննդավայրին Մէջ
Պիտի Հանդիպի Կարին, Վան, Մուշ, Բաղէշ,
Ատանա, Կեսարիա, Զմիւռնիա Եւ Այլն
Մեծանուն գրագէտ Ուիլիըմ Սարոյեան ամսոյս 9-ին Պոլսէն մեկնած է դէպի Զմիւռնիա (Պիթլիս)` ընկերակցութեամբ «Մարմարա» թերթի տնօրէն Պետրոս Զօպեանի եւ աշխատակից Արա Ալթունեանի:
Թուրքիոյ մամուլի նախարար Ալի Իհսան Քէօյիւշ փափաք յայտնած ըլլալով հանդիպում մը ունենալ մեծանուն գրագէտին հետ` Ուիլիըմ Սարոյեան գիշեր մը մնացած է Անգարա եւ երկար տեսակցութիւն մը ունեցած` նախարարին հետ:
Յաջորդ առաւօտ Ուիլիըմ Սարոյեան ճամբան շարունակած է դէպի Սամսոն, Տրապիզոն, Կարին, Վան եւ Բաղէշ: Մօտ տասը օր մնալէ ետք այդ շրջանին մէջ, պիտի վերադառնայ Պոլիս, Մուշ, Մալաթիա, Անտիոք, Ատանա, Կեսարիա, Անթալիա, Զմիւռնիա, Պուրսա ճամբով:
Այս ամբողջ ճամբորդութիւնը պիտի տեւէ 15 օր: Գրագէտը պիտի տեսնէ Արեւմտեան Հայաստանի աւերակ քաղաքները:
Պատրիարքարանի Մէջ
Ուիլիըմ Սարոյեան մեկնումէն օր մը առաջ այցելած էր Ազգային պատրիարքարան եւ կէսօրուան ճաշի հիւրը եղած պատրիարքին, որուն հետ ունեցած է երկար տեսակցութիւն: Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ Այվազովսքիի գլուխ գործոցներուն առջեւ պահ մը կանգ առած եւ յայտնած է իր հիացումը:
Պատրիարք հայրը ամերիկահայ անուանի գրողը ընդունած է իր սենեակին մէջ եւ շատ մտերիմ խօսակցութիւններ ունեցած` անոր հետ: Հետաքրքրուած է անոր ընտանեկան պարագաներով, մանաւանդ հօրեղբօր` Արամ Սարոյեանով, որուն ծանօթացած է Քալիֆորնիոյ մէջ:
Յետոյ պատրիարք հայրը հարցուցած է, թէ ո՞ւր սորված է հայերէնը: Սարոյեան պատասխանած է.
– Շատ փոքր տարիքիս, երբ Քալիֆորնիա ազգականներուս մօտ կը գտնուէի, հոն բոլորը հայերէն կը խօսէին, ես ալ անշուշտ այդ միջավայրին մէջ հայերէն սորվեցայ:
Ուիլիըմ Սարոյեան պատրիարքարանի մուտքին կը հանդիպի հայ տղաներուն եւ կը հարցնէ անոնց անունները եւ կ՛ուզէ հասկնալ, թէ ինչո՞ւ դպրոց չեն գացած: Ապա դառնալով տղաներուն` կ՛ըսէ.
– Դուք չէ՞ք գործեր, աշխատանք չունի՞ք: Ատիկա գէշ բան է, պէտք է աշխատիք. թերթ ծախեցէք. ես ձեր տարիքը ունեցած ատենս թերթ կը ծախէի…:
Թուրք Թերթերու Ձաբռտուքները
«Ենի Սապահ» թերթը խօսելով Ուիլիըմ Սարոյեանի պտոյտներուն մասին` կը գրէ.-
Ամերիկացի նորավիպագիր Ուլիըմ Սարոյեանը տեսայ: Թատրոնէ թատրոն կը պտտի եւ կը դիտէ, ինչ որ իրեն ցոյց տան: Արդէն ուրիշ կերպ ըլլալն ալ դժուար է: Թէեւ Պիթլիս ծնած է, սակայն Թուրքիոյ մասին ոչ մէկ գաղափար ունի: Միայն թէ անոնք, որոնք զինք շրջապատած են, երկրին աղտոտութիւնները (չիրքեֆ) ցոյց կու տան անոր, ինչպէս ըրած էին Գազանին»:

