Ձմերուկը Շերտելու Եւ Հրամցնելու Հետաքրքրական Ձեւեր

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

b845058171298289dacb8f55edd7cac1Արդէն ձմերուկի եղանակն է եւ կ՛արժէ օգտուիլ այս հիւթեղ, զովացնող եւ քիչ ջերմուժ պարունակող պտուղէն:

Ահաւասիկ 3 հետաքրքրական ձեւեր` ձմերուկ կտրտելու եւ հրամցնելու:

Ա.- Ձմերուկը եռանկիւններու ձեւով կտրտել, կեղեւին մէջ բացուած ճեղքին մէջ պաղպաղակի ցպիկ մը զետեղել եւ հրամցնել:

pasteque-primosale-basilic-T-1Բ.- Պաղպաղակ ձեւաւորող կլոր դգալի մը միջոցով ձմերուկին մէջ փորել եւ փոքրիկ գնդակներ ձեւաւորել, ապա զանոնք շարել ներկայանալի, բաց ամանի մը մէջ:

Գ.- Ձմերուկը խորանարդաձեւ կտրտել, իւրաքանչիւրին վրայ կտոր մը ճերմակ պանիր զետեղել եւ զարդարել անանուխի տերեւով մը:

 

Առողջապահական.

5 Համոզիչ Պատճառներ`
Բողկ Ուտելու Համար

1

radishԲողկը կը մաքրէ մեր մարմինը: Անիկա շատ օգտակար է մեր ստամոքսին եւ լեարդին: Բողկը նաեւ նօսր կը պահէ արիւնը եւ կ՛աւելցնէ թթուածինի տոկոսը` արեան մէջ:

2

Բողկը կ՛արգիլէ ջուրի կուտակումը` մարմնին մէջ, անպատեհութիւն մը, որ պատճառ կը դառնայ սրունքներու «ծանրութեան», մատներու ուռեցքի, սելիւլիթի…

3

Բողկը կը դիւրացնէ մարսողութիւնը: Շնորհիւ իր պարունակած բնաթելերուն եւ հանքայիններուն` անիկա կը բարելաւէ մարսողական դրութեան գործունէութիւնը:

4

Բողկը թելադրելի է նիհարնալու սննդականոնի հետեւողներուն: Անիկա ունի իւղերը մասամբ կլանելու յատկութիւնը:

5

Բողկը օգտակար է մորթին: Անիկա ջրազրկուած մորթին ջուր կ՛ապահովէ եւ զգայուն մորթերը կը պաշտպանէ որոշ բորբոքումներէ:

 

Այլազան

100 Տարուան Երաշխիքով` Կօշիկ

0f68879d14Պերմինկհամցի 48 տարեկան ձեւագէտ Քրիս Շելլիսը պատրաստած է աշխարհի ամէնէն երկարակեաց… կօշիկները:

Բրիտանացի ձեւագէտին խօսքով, իր պատրաստած կօշիկները կրնան 100 տարի ծառայել… Ան կօշիկի պատրաստութեան համար օգտագործած է չժանգոտող պողպատ եւ արծաթ:

Ըստ «Տէյլի Մէյլ» թերթին, Շելլիս համոզուած է, որ բացի տոկունութենէն եւ երկարակեցութենէն` իր պատրաստած կօշիկները ունին կարեւոր այլ յատկութիւն մը` հանգստաւէտութիւն:

Նշենք, որ Շելլիսի պատրաստած կօշիկի զոյգը կ՛արժէ 1,600 տոլար:

Տիոր Քրուզ 2015

20140508-dior27Տիոր նորաձեւութեան տունը վերջերս Նիւ Եորքի մէջ ցուցադրեց 2015 թուականի իր հաւաքածոն:

Ցուցադրութիւնը կայացած է Պրուքլինի մէջ, ուր հիւրերուն փոխադրած են շոգենաւով, այդ շրջանը Մանհեթընէն բաժնող Իսթ Ռիւըրի նեղուցով:

Տիոր Քրուզ 2015 փառատօնին ներկայ գտնուած են բազմաթիւ աստղեր, ինչպէս` Ռիհանան, Հելենա Քրիսթընսընը եւ ուրիշներ:

 2014-ի Նորաձեւ Ճինզերը

2014-ը հաստատ կարելի է կոչել ճինզի տարի: Ճինզը կը մնայ անժամանցելի. սակայն տարուէ տարի անիկա կը փոխէ իր տեսքը եւ կը ներկայանայ նորովի:

2014-ի ամրան շատ նորաձեւ են ճինզ հագուստները, բայց մանաւանդ տաբատները` տարբեր գոյնի եւ ոճի:

Ստորեւ` քանի մը նմուշ:

13005

 

 

 

 

 

 

 

 

Որպէսզի Լայն Ժպտիք…

a2Որպէսզի լայն ժպտիք, պէտք է հրաժարիք ձեր ակռաներուն գեղեցկութեան եւ առողջութեան վնասող կարգ մը ուտելիքներէ:

Այսպէս, թթու ուտելիքները, որոնք ցած PH կը պարունակեն, ամէնէն վնասակարներն են, մասնաւորաբար` ակռային էմային համար: Հետեւաբար խուսափելու է սուրճէն, կազային ըմպելիքներէն եւ կարմիր գինիէն: Կայ տարբերակ մը` զանոնք խմել… ըմպեղէգով:

Գրեթէ նոյնքան վնասակար են լոլիկը եւ կիտրոնի ընտանիքին պատկանող պտուղները:

Քաղցր ուտելիքները նոյնպէս չափազանց վտանգաւոր են ակռաներուն համար: Տուրմը, շաքարները, չոր մրգեղէնը, քոռն ֆլեքսի որոշ տեսակները պէտք է չափաւորել:

 

Մեծ Մայրիկի Թելադրանքներ

odeur-chaussureԿօշիկին Գէշ Հոտը Չէզոքացնելու Համար

Ամրան եղանակին յաճախ մեր կօշիկները գէշ կը հոտին: Ահաւասիկ` մեծ մայրիկի հետաքրքրական թելադրանք մը, որ կ՛արժէ փորձել:

Իւրաքանչիւր կօշիկի մէջ 2 ապուրի դգալ քարաղ կամ bicarbonate de soude դրէք եւ առնուազն 12 ժամ սպասեցէք, ապա կօշիկները թօթուեցէք եւ պիտի նկատէք, որ գէշ հոտը չէզոքացած է:

***

Որպէսզի ձեր մազի խոզանակը լաւապէս մաքրուի, ունիք 2 միջոց.

brosse-a-cheveuxԱ.- Խորունկ ամանի մը մէջ 1 լիթր ջուր լեցուցէք, աւելցուցէք 4 ապուրի դգալ bicarbonate de soude եւ խոզանակը ամբողջ գիշեր մը այդ ջուրին մէջ ձգեցէք: Յաջորդ առտու առատօրէն ցօղուեցէք եւ անձեռոցով մը ցամքեցուցէք:

Բ.- Խորունկ ամանի մը մէջ կէս առ կէս համեմատութեամբ ջուր եւ քացախ լեցուցէք, մազի խոզանակը ամբողջ գիշեր մը մէջը ձգեցէք, իսկ յաջորդ օրը ցօղուեցէք եւ ցամքեցուցէք:

***

ongles-blancs-citronՃերմակ եղունգներ ունենալու համար զանոնք օրական շփեցէք կիսուած կիտրոնի կտորով մը, կամ եղունգները քանի մը վայրկեան մխրճեցէք կիտրոնի հիւթի մէջ:

***

Մրջիւններէն ձերբազատելու միջոցները այլազան են, ահաւասիկ` քանի մը թելադրանք.

Ա.- Լաւանտի փոքրիկ փունջեր զետեղեցէք դուռերուն եւ պատուհաններուն մօտ:

fourmisԲ.- Ջուրով լուծուած քացախ քսեցէք պատուհաններուն եւ մրջիւններուն բոյներուն չորս կողմը:

Գ.- Ռեհանի կամ անանուխի տերեւներ զետեղեցէք անոնց անցքերուն երկայնքին:

Դ.- Ամանի մը մէջ սուրճի մրուր դրէք եւ զայն զետեղեցէք մրջիւններուն բոյնին մօտ:

                      ***

Vign_Poux-adultesԳլխու թեփերէն ձերբազատելու համար օգտագործեցէք խնկունին (ռոմարեն): 1 լիթր ջուր եռացուցէք, քանի մը ճիւղ խնկունի աւելցուցէք եւ միջակ կրակի վրայ 15 վայրկեան եռացուցէք: Պաղելէն ետք սուզեցէք եւ ստացուած հեղուկով ցօղուեցէք ձեր մազերը:

 

Խոհագիր

Դդումով Կարկանդակ

cake-courgettes-carottes-menthe-fraicheԲաղադրութիւն 6 անձի համար

– 2 խոշոր դդում
– 1 խոշոր ստեպղին
– Թարմ անանուխի 4 տերեւ
– 180 կրամ ալիւր
– 3 հաւկիթ
– 10 սանթիլիթր կաթ
– 10 սանթիլիթր ձէթ
– 70 կրամ տաշուած կրիւյէր պանիր
– Ապուրի դգալ մը թթխմոր
– Աղ, սեւ փոշի պղպեղ

Պատրաստութիւն

Փուռը տաքցնել 180 ջերմաստիճանով:

Կեղուել եւ լուալ դդումն ու ստեպղինը, ապա զանոնք մանր խորանարդներու վերածել: Մանրել նաեւ անանուխի տերեւները:

Խորունկ ամանի մը մէջ խառնել հաւկիթները, ձէթը: Աւելցնել ալիւրը, կաթը, թթխմորը եւ տաշուած պանիրը: Միատարր նիւթ մը ստանալէ ետք աղել եւ համեմել:

Խմորին աւելցնել մանրուած բանջարեղէններն ու անանուխը, փայտեայ դգալով մը զգուշութեամբ խառնել:

Կարկանդակի կաղապարի մը յատակը կարագով ծեփել եւ խառնուրդը լեցնել ու եփել շուրջ 50 վայրկեան:

 

Շաբթուան Բանաստեղծութինը

Ի՞Նչ Անեմ, Մայրիկ

Մայրիկ, ինձ յաճախ
Ապտակում էիր
Սխալիս համար
Եւ սաստում էիր,
Որ լաց չլինեմ:
Բայց ցաւած տեղս
Համբուրում էիր
Եւ իմ փոխարէն
Ինձանից թաքուն
Լաց էիր լինում:
Ախ, վերջին անգամ,
Չեմ իմանում ո՛ր
Սխալիս համար
Ինձ ապտակեցիր
Կորուստով քո մեծ…
Էլ սաստող չեղաւ,
Որ լաց չլինեմ,
Եւ ցաւած տեղս
Համբուրող չեղաւ,
Եւ իմ փոխարէն
Իմ ցաւս զգացող
Ու լացող չեղաւ:
Ի՜նչ անեմ, մայրիկ:

ՀԱՄՕ ՍԱՀԵԱՆ

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES