Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Վրաստան

Ուխտագնացութիւն Ախթալա,
Հաղբատ, Սանահին Եւ Օձուն

0405tripԿազմակերպութեամբ վիրահայոց թեմի «Հայարտուն» կրթա-մշակութային եւ երիտասարդութեան կեդրոնին, 4 մայիսին տեղի ունեցաւ ուխտագնացութիւն` Հայաստանի Լոռի մարզին մէջ գտնուող հայկական միջնադարեան հոգեւոր եւ պատմական տաճարներ` Ախթալա, Հաղբատ, Սանահին եւ Օձուն: Ուխտագնացութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին հայ, վրացի, ռուս, ուքրանացի եւ ղազախ ազգութիւններէն 130 ուխտաւորներ:

Ուխտագնացութեան նպատակն էր, հոգեւոր սնունդի հետ միասին, ուխտաւորները ծանօթացնել հայկական մշակութային ժառանգութեան եւ ճարտարապետական յուշարձաններուն:

Նշենք, որ Հաղբատ և Սանահին համալիրները մաս կը կազմեն ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային մշակութային ժառանգութեան կեդրոններու ցանկին մէջ:

 

Ֆրանսա

Մշակութային Ձեռնարկներու Շարք

1204franceԱպրիլ 12-ին Ֆրանսայի Սեն Թրոփէ քաղաքի «Ժան Տեսփա» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ճանապարհորդութիւն դէպի Հայաստան» խորագրով մշակութային ձեռնարկներու շարքին բացումը:

Հայաստանի դեսպան Վիգէն Չիթեչեան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Սեն Թրոփէ քաղաքի ղեկավարներուն ձեռնարկները հիւրնկալելու եւ բարձր մակարդակով կազմակերպելու համար: Խօսելով «Ճանապարհորդութիւն դէպի Հայաստան» մշակութային ձեռնարկներու շարքին հայկական խաչքարերու արուեստի ցուցահանդէսի մասին` դեսպանը անդրադարձաւ Նոր Ջուղայի խաչքարերու քանդումին եւ շեշտեց պատմամշակութային արժէքներու դէմ կատարուած արարքներու դատապարտման անհրաժեշտութիւնը:

Այնուհետեւ ներկաները մասնակցեցան հայ ճարտարապետութեան ու խաչքարերու արուեստին նուիրուած ցուցահանդէսին:

Մշակութային ձեռնարկներու շարքին  տեղի ունեցաւ նաեւ ֆրանսահայ  տուտուկահար Լեւոն Մինասեանի նուագահանդէսը:

Ապրիլ 13-ին «Լա շափել տիւ Քուվան» նոր վերանորոգուած Սեն Թրոփէի հնագոյն եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հայկական ծէսով սուրբ պատարագի արարողութիւն: Նոյն օրը «Ժան Տեսփա» սրահին մէջ փրոֆ. Տօնապետեան դասախօսեց հայկական խաչքարերու արուեստին մասին:

«Ճանապարհորդութիւն դէպի Հայաստան» խորագրով մշակութային ձեռնարկներու շարքը  տեւեց մինչեւ 26 ապրիլ:

«Մեծ Պազար»-ի Եւ «Երկիր Եւ Մշակոյթ»
Կազմակերպութեան Երեկոյթը
Ի Նպաստ Քեսապահայութեան

Ապրիլ 11-ին «Ալեք Մանուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ քեսապահութեան ի նպաստ «Երկիր եւ մշակոյթ»-ի հանգանակութեան շրջագիծին մէջ «Մեծ պազար» համոյթին կազմակերպած երեկոյթը:

«Երկիր եւ մշակոյթ» կազմակերպութեան Փարիզի մասնաճիւղի անդամ Շուշան Քերովբեան գեղարուեստական երեկոյթին բացումը կատարելով` բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն: Այնուհետեւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիրը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Մաշա Ղարիպեան` երգ, Սեւան Ստեփանեան` նուագ Արամ Քերովբեան` նուագ, Վերժին-Փաթի Քերովբեան` երգ, «Ջիւանի» համոյթը Ժան-Փիեռ Ներկարարեանի ղեկավարութեամբ կատարեց հայ աւանդական երգացանկէն ընտրուած քանի մը երաժշտական կտորներ:

Ապա «Ծովինար Գեւոնեան «Երկիր եւ մշակոյթ»-ի նախագահութեան անունով ներկայացուց կազմակերպութեան ամփոփ պատմականը` յատկապէս շեշտելով 1982-էն ասդին Քեսապի մէջ անոր իրագործած պատմամշակութային կեդրոններու եւ կոթողներու վերանորոգման աշխատանքները:

Աւարտին ելոյթ ունեցաւ շուրջ ութեակ մը անդամներէ բաղկացած «Մեծ պազար» համոյթը: Զանազան գործիքներու ընկերակցութեամբ, ան վարպետօրէն մեկնաբանեց շարք մը երգեր միջինարեւելեան լեզուներով` Տիգրանակերտի թրքերէն, արաբերէն, պարսկերէն եւ անշուշտ հայերէն:

Ներկայացումը վերջ գտաւ «Երազ» պարախումբին ելոյթով:

Քեսապահայութեան ի նպաստ «Մեծ պազար»-ի կազմակերպած այս ձեռնարկին հանգանակուեցաւ շուրջ 7.500 եւրօ, որ «Երկիր եւ մշակոյթ»-ի կողմէ ամբողջութեամբ պիտի տրամադրուի Քեսապէն տեղահանուած մեր հայրենակիցներուն:

 

Քանատա

Մեղրիկ Եպս. Բարիքեան Ընտրեալ
Առաջնորդ Քանատայի Հայոց Թեմին

Meghrig-CanadaՔանատայի Հայոց թեմի ազգային առաջնորդարանին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեամբ մը յայտարարուեցաւ, որ Քանատայի Հայոց թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովը տեղի ունեցաւ Մոնրէալի մէջ, 9-10 մայիսին, հիւրընկալութեամբ Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին եւ հոգաբարձութեան:

Բոլոր երեսփոխաններու քուէներու ջախջախիչ մեծամասնութեամբ` Քանատայի Հայոց թեմի առաջնորդ ընտրուեցաւ Մեղրիկ եպս. Բարիքեանը:

«Ուրախ Լեր» շարականի երգեցողութեամբ, ընտրեալ սրբազան հայրը առաջնորդուեցաւ Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր եկեղեցի, ուր կատարուեցաւ Կանոնական աղօթքը: Ապա «Հրաշափառ» եւ «Թագաւոր Երկնաւոր» շարականներու երգեցողութենէն ետք, յանուն ներկայ ժողովականութեան խօսք առաւ Խաժակ արք. Յակոբեան, որ շնորհաւորեց ընտրեալ առաջնորդ սրբազան հայրը, անոր մաղթելով ծաղկուն գահակալութիւն եւ առաջնորդութիւն ի ծառայութիւն Քանատայի Հայոց թեմին:

 

Միացեալ Նահանգներ

«Արուեստագէտներ` Քեսապի Համար»
Ցուցահանդէսը

ShoghartՆախաձեռնութեամբ «Շողարթ» ցուցադրասրահին եւ Լոս Անճելըսի Քեսապի կրթասիրաց միութեան, 26 ապրիլին տեղի ունեցաւ «Արուեստագէտներ` Քեսապի համար» խորագիրով ցուցահանդէսի բացում, որուն ընթացքին ցուցադրուելիք արուեստի գործերուն վաճառքէն գոյացած գումարը ամբողջութեամբ պիտի տրամադրուի քեսապահայութեան օժանդակութիւն հասցնելու աշխատանքին: Մասնակցող արուեստագէտներն են` Ճորճ Ալեմշահ, Յարութիւն Արմէնեան, Դրօ Արզուեան, Անի Պելիչքով, Վահէ Պէրպէրեան, Անահիտ Պօղոսեան, Թալին Տեմիրճեան, Հերմինէ Տեմիրօ, Նորիկ Դիլանճեան, Մարտիրոս Մարհակ Յակոբեան, Մինաս Հալաժ, Սամուէլ Հալլաժ, Սամուէլ Համբարձումեան, Վարուժան Յովակիմեան, Սեդա Ինճէեան, Սոնիա Քէշիշեան, Սօսի Մածունեան, Արա Մեշքանպարեան, Արա Օշական, Սիմոն Սերոբեան, Շողեր Պաղտուտ-Թիլքեան, Հերի Որբէրեան եւ Էնճըլա Զաքօ Սթուր:

Նշենք, որ ցուցահանդէսը պիտի տեւէ մինչեւ 26 մայիս:

Ազգային Հերոս Արշաւիր Շիրակեանի
Կիսանդրիի Բացման Արարողութիւն

shiragian-LAԿազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Արշաւիր Շիրակեան» կոմիտէի հանրային կապի յանձնախումբին, վերջերս  Լոս Անճելըսի Հիւսիսային Հովիտի Հայկական կեդրոնին մէջ բացումը կատարուեցաւ դաշնակցական գործիչ Արշաւիր Շիրակեանի կիսանդրիին: Յանձնախումբին անունով Ուիլմա Գույումճեան երախտագիտութիւն յայտնեց կիսանդրիի հեղինակ Բիւզանդ Մէյմարեանին: Ու. Գույումճեան հաստատեց, թէ Շիրակեանի կտակը ցարդ կը շարունակուի:

Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ վաւերագրական տեսերիզ մը, որ մանրամասնօրէն կ՛անդրադառնար Շիրակեանի կեանքին:

Ապա ելոյթ ունեցաւ Վազգէն Մատէնլեան  որ հակիրճ կենսագրականով մը ներկայացուց Արշաւիր Շիրակեանի կեանքն ու բեղուն գործունէութիւնը:

Ուիլմա Գույումճեան ներկայացուց քանդակագործ Բիւզանդ Մէյմարեանը, որմէ ետք առիթ տրուեցաւ քանդակագործ հեղինակին ու անոր կնոջ` Անահիտին, որ փոխանցեն իրենց սրտի խօսքը:

ՀՅԴ «Արշաւիր Շիրակեան» կոմիտէի անունով Թորոս Քեչեճեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն եւ քանդակագործ Բիւզանդ Մէյմարեանին, որոնց շնորհիւ կարելի եղաւ իրագործել սոյն ձեռնարկը: Քեչեճեան հաստատեց, թէ նմանօրինակ նախաձեռնութիւններով մեր հերոսներուն յիշատակը անմար կը մնայ եւ ապագայ սերունդներու դաստիարակութեան մէջ մեծ դեր կը խաղայ:

Հայոց Ցեղասպանութեան Նուիրուած
Փասատինայի Յուշարձանի Հիմնօրհնէք

2704houshartsanԱպրիլ 27-ին, Փասատինա քաղաքի «Մեմորիըլ փարք»-ին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան նոր կառուցուելիք յուշարձանին հիմնօրհնէքը:

Յայտագիրը սկիզբ առաւ Քալիֆորնիոյ նահանգի խորհրդարանի նախկին անդամ եւ յուշարձանի յանձնախումբի անդամ Էնթընի Փորթանթինոյի ողջոյնի խօսքով, որմէ ետք ներկաները թափօրով քալեցին դէպի յուշարձանի կառուցման հողաշերտը, ուր կատարուեցաւ հիմնօրհնէքի արարողութիւնը:

Առաջնորդ սրբազանը խօսք առնելով` յայտնեց, թէ աշխարհի տարածքին կառուցուած են Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած աւելի քան 200 յուշարձաններ, եւ ահաւասիկ այս մէկը պիտի աւելնայ անոնց շարքին` որպէս յուշարար մեր ժողովուրդի եւ օտար ազգերու զաւակներուն, թէ մենք չենք մոռցած մեր նահատակները, եւ պիտի մնանք մեր պահանջատիրութեան ու արդար իրաւունքներու պաշտպանման հաստատ կամքին մէջ:

Հիմնօրհնէքի արարողութենէն ետք, գործադրուեցաւ պատշաճ յայտագիր:

«Սուրբ Ներսէս Շնորհալի» Շքանշան`
Տոքթ. Ռան Սինանեանի

0604SinanianԱպրիլ 6-ին առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան Ս. պատարագ մատուցեց եւ քարոզեց Վեն Նայսի Սուրբ Պետրոս Հայց. եկեղեցւոյ մէջ եւ  իր բարեխօսութեամբ Գարեգին Բ. կաթողիկոս «Ս. Ներսէս Շնորհալի» շքանշանով պարգեւատրեց եկեղեցւոյ երկարամեայ երգեհոնահար տոքթ. Ռան Սինանեանը` առ ի գնահատանք անոր անձնուէր ծառայութիւններուն:

Շնորհք Ա. քհնյ. կարդաց կաթողիկոսին կոնդակը, որմէ ետք առաջնորդը կատարեց շքանշանի տուչութիւնը, շնորհաւորեց մեծարեալը եւ անդրադարձաւ անոր մատուցած ծառայութիւններուն:

Նշենք, որ տոքթ. Սինանեան շաբաթը երկու օր ատամնաբուժի իր կարողութիւններն ու մասնագիտութիւնը կամաւոր կերպով ի սպաս կը դնէ ակռայի հարցեր ունեցող մանուկներու: Հակառակ իր բազմազբաղ ժամանակացոյցին եւ աշխատանքին` ան Ս. Պետրոս եկեղեցւոյ մատուցած իր երկարամեայ ծառայութիւններուն կողքին, թեմական մակարդակով եւս պարտականութիւններ կը ստանձնէ:

 

Արժանթին

Գիրքի Միջազգային Ցուցահանդէս

2404kirkԱպրիլ 24-էն մայիս 12 Պուէնոս Այրեսի մէջ տեղի ունեցաւ գիրքի 40-րդ միջազգային ցուցահանդէս, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 40-է աւելի երկրներ, ինչպէս նաեւ` Հայաստան:

Մայիս 1-ին ցուցահանդէսի «Խոսէ Էռնանտես» սրահին մէջ նշուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան օրը: Ելոյթ ունեցան` Հայաստանի դեսպան Վահագն Մելիքեան, Պուէնոս Այրեսի քաղաքային խորհուրդի Մարդու իրաւունքներու եւ մշակութային բազմազանութեան հարցերով փոխքարտուղար Քլաուտիօ Աւրուխ եւ թուրք մտաւորական, մարդու իրաւունքներու պաշտպան Ռակըփ Զարաքոլու:

 

Գերմանիա

Հայոց Ցեղասպանութեան Վերաբերեալ Քննարկում

Մայիս 5-ին Համպուրկի «Բուցերիուս» բարձրագոյն իրաւաբանական դպրոցին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայոց ցեղասպանութիւնը, Ողջակիզումը եւ այլ ցեղասպանութիւնները. ուր կ՛աւարտին խօսքի ազատութեան սահմանները» խորագրով քննարկում: Հանդիսավարն էր Պերլինի Հումպոլտի անուան համալսարանի իրաւաբանական բաժանմունքի գիտաշխատող Հաննա Պիրկենքեոթեր:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան Հայաստանի դեսպան Վահան Յովհաննիսեան եւ «Բուցերիուս» իրաւագիտական համալսարանի դասախօս  փրոֆ. Տորիս Քեոնիկ:

Օրուան բանախօսներն էին Պոխումի «Ռուր» համալսարանի սփիւռքի եւ ցեղասպանութեան հետազօտութիւններու բաժանմունքի տնօրէն դոկտ. Միհրան Տապաղ, Պեռնի համալսարանի իրաւաբանական բաժանմունքի գիտաշխատող  դոկտ. Մաթիաս Ուֆֆեր, Գերմանիոյ Հայտելպերկ քաղաքի Մաքս Փլանքի անուան օտարերկրեայ հանրային իրաւունքներու եւ ազգերու իրաւունքներու գիտահետազօտական բաժանմունքի գիտաշխատող Էլիֆ Ասկի, Ֆրայպուրկի «Ալպերթ-Լիւտվիկս» համալսարանի գիտաշխատող դոկտ. Մաթիաս Հոնգ:

 

Մոնաքօ

«Արթ Մոնաքօ» Նկարներու Միջազգային
Ցուցահանդէսին Հայկական Տաղաւարը
Հանդիսացած Է Լաւագոյնը

2404monacoԱպրիլ 24-27 Մոնաքոյի «Կրիմալտի ֆորում» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ նկարներու «Արթ Մոնաքօ» միջազգային ցուցահանդէսը, որուն աւելի քան տասնեակ մը երկրներու կողքին, իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Հայաստան:

Հայկական տաղաւարին մէջ ցուցադրուած էին հայազգի հանրայայտ նկարիչներու` Հայոց ցեղասպանութեան թեմայով նկարներ: Ներկայացուեցան Մ. Սարեանի, Յ. Այվազովսքիի, Ժանսեմի, Արշիլ Կորքիի, Լ. Թիւթիւնճեանի եւ այլ յայտնի նկարիչներու հաւաքածոներէն նմուշներ: Այս բոլորին կողքին տեղ գտած էին նաեւ Հայաստանի բազմաթիւ պատկերասրահներէն եւ թանգարաններէն բերուած հայազգի արուեստագէտներու աշխատանքներ:

Այս տարի «Արթ Մոնաքօ» ցուցահանդէսին Հայկական տաղաւարը հանդիսացաւ լաւագոյնը, իսկ «Արթ Մոնաքօ»-ի խորհրդանիշը զարդարած էր հայազգի  գեղանկարիչ-քանդակագործ Լ. Թիւթիւնճեանի  քանդակներէն մէկուն պատկերը:

 

Share this Article
CATEGORIES