«Խօսնակ» Պաշտօնաթերթի Կազմակերպած Բազմաձայն Զրոյցը

DSC_4902Կազմակերպութեամբ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան «Խօսնակ» պաշտօնաթերթի խմբագրութեան  կից գործող մշակութային յանձնախումբին, երեքշաբթի, 29 ապրիլ 2014-ի երեկոյեան, միութեան «Ահրամճեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ապրիլեան բազմաձայն զրոյց` նուիրուած Թուրքիոյ մէջ ապրող «իսլամաց«ու»ած կամ ծպտուած հայերուն:

Երեկոն սկսաւ յանձնախումբի անդամներէն Վալանթին Օհանեանի խօսքով:

Բացման խօսքէն ետք «Խօսնակ» ամսագիրի խմբագիր Համբիկ Մարտիրոսեան նախ ներկայացուց վերջերս Լիբանանի մէջ լոյս տեսած «Քաուալիս» թերթի սեփականատէր Ֆաթմա Ֆաքիյեան եւ լրագրող Ֆերեալ Տապպուքը, որոնց ջանքերուն շնորհիւ լիբանանցի հասարակութեան ներկայացուած էր Մեծ եղեռնին նուիրուած արաբերէն բացառիկ թիւ մը, ուր խմբագրութեան կարծիքներուն կողքին, տեղ գտած էին շատ մը լիբանանահայ հոգեւոր ու աշխարհական ներկայացուցիչներու կարծիքներն ու յօդուածները:

DSC_4874Լրագրող Ֆերեալ Տապպուք շնորհակալութիւն յայտնեց տրուած առիթին համար եւ արտայայտեց իր գնահատականը հայ ժողովուրդին` դատապարտելով թրքական վանտալութիւնը, որուն պատճառով զոհուեցան միլիոնաւոր մարդիկ, եւ հայը մնաց անհայրենիք:

Համբիկ Մարտիրոսեանի կողմէ ներկայացուած ներածականէ ետք ներկաներուն կողմէ ուղղուեցան բազմաթիւ հարցումներ, որոնց հերթականօրէն պատասխանեցին Գեղամ արք. Խաչերեան, Գէորգ ծ. վրդ. Եղիայեան, պատուելի Սեպուհ Թերզեան, որոնք հանգամանօրէն քննարկեցին հարցերուն էութիւնը, արժէքը եւ անոնց առնչուող անդրադարձները:

Հանդիսութեան առաջին բաժինը նուիրուած էր Մեծ եղեռնին: Արդարեւ, այդ ուղղութեամբ ալ քննարկման դրուեցաւ անցնող 99 տարիներու ընթացքին կատարուած ձեռնարկներուն  հաշուեյարդարը, ապա` Ցեղասպանութեան ճանաչումը, Թուրքիոյ ժխտողական քաղաքականութիւնը եւ մեր ապագայ պարտաւորութիւնները: Երեք պատգամախօսներն ալ հարցերուն մօտեցան առարկայականօրէն, թուեցին 99 տարիներու կատարուած աշխատանքը, անոր արդիւնքը, ակնկալուածը եւ նոր մարտահրաւէրներու պատրաստուելու կամքն ու անհրաժեշտութիւնը, միշտ բարձր պահած ազգային գիտակցութիւն:

Ընդհանուր առմամբ, 99 տարիներու ընթացքին կատարուած բոլոր ջանքերը գնահատելով հանդերձ, պարզուեցաւ, որ մենք կրնայինք մեր Դատը ծանօթացնել աշխարհին եւ անցնիլ պահանջատիրութեան, որուն համար անհրաժեշտ է նիւթական, սփիւռքի մէջ կեդրոնական մարմին մը եւ աշխատանքի աննահանջ կորով` առանց յուսահատելու:

Քննարկման երկրորդ բաժինը ամբողջութեամբ նուիրուած էր Թուրքիոյ մէջ գտնուող եւ 1915 թուականին բռնի կերպով իսլամաց«ու»ած հայերուն, որոնց թիւին մասին կային հակասական կարծիքներ եւ նոյնիսկ կասկածներ ալ մինչեւ օրս:

Ներկայացուեցան փաստացի թիւեր, փաստեր եւ օրինակներ, որոնք մխիթարական էին ընդհանուր առմամբ եւ գոհացնող…. քանզի անոնք կու գային մեզի յուշելու, թէ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ, կամ Ուիլսընեան Հայաստանի սահմաններուն մէջ կային իրապէ՛ս ծպտեալ հայեր… որոնց թիւը կը գնահատուէր մինչեւ 4 միլիոն կամ աւելի, մէկ տարբերութեամբ, որ անոնք կը կազմէին երկու հակադիր խումբեր: Անոնց մէջ կային հայեր, որոնք թէեւ թրքացած, քրտացած եւ ալեւիացած են, սակայն կ՛ընդունէին իրենց հայ ըլլալը, իսկ երկրորդ խումբը, մեկնած վախի ու իրենց կեանքին սպառնացող վտանգէն, միշտ ալ սարսափած թուրքի ոճրագործ վերաբերմունքէն, կը փափաքէին մնալ այնպէս, ինչպէս որ են:

Զրուցակիցներուն մօտ, հոգեւորական թէ աշխարհական, կար այն հաստատ համոզումը, որ ԾՊՏԵԱԼ կամ ԻՍԼԱՄԱՑՈՒԱԾ ՀԱՅԵՐՈՒ ներկայութիւնը մեծ գրաւական է մեր Դատին համար, եւ թէ` յառաջիկայ տարիները պիտի գային լոյսին բերելու նոր տուեալներ ու նոր ճշմարտութիւններ: Սակայն էական է, որ անոնց հետ շարունակուէին  յարաբերութիւններ` ազգային իմաստով հարստացնելու համար անոնց գիտելիքները:

Պատգամախօսները այս ցաւոտ հարցին մօտեցած էին խորունկ գիտակցութեամբ եւ համոզում յայտնեցին այն մասին, որ ներկայ դրութեամբ, թէեւ Թուրքիոյ մէջ չկայ ժողովրդավարութիւն, չկայ խօսքի եւ մամուլի ամբողջական ազատութիւն, սակայն հակառակ այս իրողութեան` կան որոշ յառաջադէմ մտաւորականներ, որոնք կը շարունակեն պայքարիլ, որպէսզի թուրքը առերեսուի իր պատմութեան հետ:

Այս ուղղութեամբ շեշտը դրուեցաւ Հրանդ Տինքի կատարած խիզախ քայլին, անոր անունով գործող «Հրանդ Տինք հիմնադրամ»-ին, որոնց կատարած աշխատանքներուն շնորհիւ օրէ օր աւելի կ՛արթննան սերունդներ եւ անպայմանօրէն կը գիտակցին իրենց ինքնութեան, իրենց ծագման` առաջնորդուելու համար դարձի:

Այս ուղղութեամբ ալ պատգամախօսներ առաջարկեցին նոր տեսակի քաղաքական աշխատանք եւ լուռ քարոզչութիւն` առանց նահանջելու, որուն համար հարկաւոր է Հայաստանի  Հայաստանեայց եկեղեցւոյ (առաքելական, կաթողիկէ, աւետարանական), հայկական կազմակերպութիւններու, միութիւններու եւ անհատ գործիչներու միասնական աշխուժ գործակցութիւնը` կորսուածը վերադարձնելու համար:

Ձեռնարկի աւարտին ցուցադրուեցաւ հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարանին կողմէ պատրաստուած ու տրամադրուած տպաւորիչ տեսերիզ մը:

Share this Article
CATEGORIES