Մեծ Եղեռնի Յիշատակի 99-րդ Մոմն Ալ Վառեցինք

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Պատահեցաւ անսպասելին:

Բարեկամի մը յոբելենական տարեդարձի նշման առիթով հրաւիրուած էինք անոր տունը, մօտ տասը ծանօթ եւ անծանօթ հայեր` զոյգերով: Այնպէս կ՛երեւէր, թէ բոլորս ալ Միջին Արեւելքի զանազան երկիրներէ այս երկիրը (Միացեալ Նահանգներ – «Ա.») գաղթած հայեր էինք:

Նախ, առ ի պատշաճութիւն, իրարու ծանօթացանք, աւելի ճիշդ` մեզ ծանօթացուցին եւ ապա նստանք լուսաւոր եւ ընդարձակ պարտէզին ճոխ սեղաններուն շուրջ:

Տեսակաւոր ուտելիքներ, անուշեղէն եւ մանաւանդ` առատ ընտիր խմիչքներ:

Է՜հ, ինչ լաւ բան է եղեր հարուստ ըլլալը:

Տեղեր գրաւելով` անմիջապէս կենացներ սկսանք փոխանակել ու յոբելեարին մասին քիչ մը շատ երկար խօսիլ: Իսկապէս որ այդ երեկոյ անհաշիւ խմեցինք ու կերանք: Հարբեցած կամ ոչ` տեղին ու անտեղի եւ բարձրաձայն, ձեռքով ու ոտքով շաղակրատեցինք: Զարմանալու բան չկար. խմիչքը մեր բոլորին լեզուները վայրկեանին քակած էր արդէն: Մէկ խօսք հայերէն, երկու խօսք թրքերէն, երեք-չորս խօսք պարսկերէն ու նաեւ` ռուսերէն: Մէկը ճիշդ, հինգը սուտ, քանի մը հատը շինծու եւ տակաւին ինչե՜ր:

Արտասանուած բառերն ու խօսքերը յաճախ հինցած-հոտած պտուղներու համը կու տային, իսկ արտայայտուած ոճերը կարծես իրարու դէմ ձեւով մը մրցումի ելած ըլլային, թէ մեզմէ ո՞վ պիտի կարենար դիմացինը համոզել, տպաւորել, մատնանշումներ կատարել, իր տեսակէտները իբրեւ միակ ճշմարտութիւն` «կլլեցնել», թելադրանքներ փոխանցել, շատ հին գաղափարներ ու իրեն համար քանի մը տարրական ճշմարտութիւններ պարզել, հաւատք փոխանակել անօգուտ եւ բոլորիս շատ անհասկնալի համաշխարհային դիւանագիտութեան եւ քաղաքականութեան, որ մեր գլուխէն աւելի վեր ալ էր:

Մէկ խօսքով, իւրաքանչիւրս «հմուտ քաղաքագէտներ» էինք, տարիքը առած աղաները եւ էֆենտիները յիշեցնող: Իսկ դուրսէն դիտողին համար մեր այս հաւաքը տեսակ մը անօրինակ իրավիճակ մըն էր: Տարեդա՞րձ էր, թէ՞ զեկուցական կամ դասախօսական երեկոյ, թէ՞ վիճաբանական ասուլիս: Չե՛մ գիտեր: Միայն այն գիտեմ, որ տանտէրը միշտ ժպտուն եւ լուռ էր: Անկարծիք: Չէզոք: Իսկ շատեր ալ տակաւին կը ծամծմէին մաշած ու «խաշուած» տափակ գաղափարները, երբ կը կրկնէին, թէ մենք աշխարհի ժողովուրդներուն մէջ ամէնէն խորհրդաւոր պատմութիւնը ունեցած էինք եւ տակաւին ունինք, եւ թէ՛ մենք մեծ ազգ չենք, եւ թէ` մենք մեծ պետութիւններու քմահաճոյքներուն միշտ զոհն ենք եղած, եւ թէ` մեր ղեկավարները մէկական պատեհապաշտներ են, ու մանաւանդ բոլորն ալ` փառասէրներ եւ «դրամ ուտողներ»:

Մէկ խօսքով` հազարաձայն հեւքով արտայայտութիւններ, որոնք երբեմն մինչեւ վէճի սահմաններուն կը հասնէին: Բարեբախտաբար շատերուս մօտ գիտակցութեան հասունութիւնը օրուան մթնոլորտը զսպուած կը պահէր:

Ա՜խ, ինչ լաւ բան է այնպիսի մէկու մը հետ զրոյցի նստիլ ու միտքեր փոխանակել, որ քեզ կէս բառէն արդէն իսկ կարենայ հասկնալ:

Ուստի, հաշտուելով այս իրականութեան հետ, երբեմն առանձնանալու կարիքը կը զգայի: Թերեւս ինքզինքս այս ձեւով կրնայի վերագտնել: Գոնէ ձեւով մը մտքիս խաղաղութիւնը գտնէի եւ կամ ես ինծի հանգիստ տայի: Սակայն` ճի՛շդ հակառակը: Սեղանակիցներս միշտ շարունակեցին երկար խօսիլ: Հասկնալի եւ անհասկնալի բառերով խօսեցան: Պախարակելով եւ չարախօսելով արտայայտուեցան: Անխնայ «մեծն ու պզտիկը», հինն ու նորը քննադատեցին:

Յայտնի էր, թէ իւրաքանչիւրին միտքին անկիւնը կասկած մը կամ կասկածներ պառկած էին ու պատշաճութիւն կամ շրջահայեացութիւն ըսուած «բաները» կը բացակայէին: Աւելի՛ն. շատեր խորասուզուելով մտածումներու եւ երազանքի մէջ, իրենց թիրախը դարձուցին հայրենի եւ սփիւռքի ներկայ իշխանութիւններն ու գաղութներու ղեկավարներու որդեգրումները: Չհաւնեցան անոնց ծրագրելու եւ աշխատելու սովորական եւ մակերեսային ձեւերն ու կերպերը: Երբեմն նոյնիսկ բոլորն ալ աղտոտ ածականներով «լուացին»: Թուրքը հարիւր անգամ սպաննեցին ու սատկեցուցին: Հայկական հողերը գրաւեցին: Անգարայի պաշտօնական դուռը զարնելով` երկխօսութեան առաջարկ ներկայացուցին եւ անոր Հայ դատը բացատրեցին: Հող, պահանջատիրութիւն, դրամ, տոլարներ պահանջեցին: Սպիտակ տունն ու անոր բնակիչները սեւով ներկեցին: Եւրոպան պախարակեցին: Ռուսը պանծացուցին, իսկ անոր ղեկավարը միշտ մեզ խաբելուն համար դատապարտեցին: Իրենց կարծիքով, աշխարհի բոլոր ղեկավարները մարդկային չափանիշները խախտած էին եւ սկզբունքները արժեզրկած: Ուստի, անվստահելիներ էին:

Յայտնի էր, թէ այս մարդոց միտքը անժամանակ հոգեդարձ մը կ՛ապրէր: Տեւական դժգոհանք:

Մէկ խօսքով, մեր յաւիտենական հարցերը մեզ կրկին կը տանջէին: Իրապէս որ կեանքը իբրեւ հաւատք եւ հաւաքական ապրում մեզի համար միշտ ազգային էր եղած: Անոր համար թէ՛ կը զարմանայինք եւ թէ՛ չէինք գիտակցեր, թէ ինչե՜ր կը կատարուէին մեր շուրջը եւ որոնց իբրեւ պատասխան` մենք մեզի մտովի հարց կու տայինք. «Ո՞վ ենք մենք եւ այս ընթացքով դէպի ո՞ւր կ՛երթայինք»:

Անկեղծօրէն այս եւ նման հարցումներ սկիզբ առին Քեսապի անակնկալ ներկայ իրավիճակէն, անկէ ետք անցան Հալէպ եւ սուրիահայութիւն, հասան Լիբանան եւ անշուշտ Այնճար եւ ապա Հայաստան եւ Արցախ, յետոյ Ամերիկա եւ վերջապէս` Մեծ եղեռնի հարիւրամեակ, որ քանի մը տարիներէ ի վեր ոչ միայն ահազանգ հնչեցուած էր, այլեւ կանգնած էր հայութեան առջեւ, ինչպէս հրեան` Լացի պատին:

Աստուա՛ծ իմ, որքա՜ն խոր է եղեր մեր դժբախտութիւնը: Եթէ այս ձեւով մեր խօսակցութիւնը քիչ մըն ալ շարունակուէր, տակաւին ո՜ւր պիտի հասնէինք եւ ի՜նչ լուծումներու պիտի յանգէինք եւ ինչե՜ր պիտի հասցէագրէինք:

Բայց յանկարծ մթնոլորտը կեդրոնացաւ Ցեղասպանութեան կէտին վրայ: Չեմ գիտեր` ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս յիշեցինք, որ կրկին Մեծ եղեռնի յիշատակման օրն է ապրիլ 24-ը եւ այս տարի ալ` 99-րդ տարեդարձը:

Ըսինք, որ մինչեւ հիմա այս մասին, ամէն մարդ արդէն ամէն բան սպառիչ կերպով ըսած ու գրած է: Նորութիւն չկար եւ ոչ ալ գաղտնիք, բայց եւ այնպէս Հայ դատի իրաւականութիւնը շեշտեցինք: Թէեւ որոշ չափով ցարդ տարուած աշխատանքները գնահատուեցան, բայց անբաւարար գտանք:

Աւելիին ակնկալութիւն:

Սեղանակիցներս ամէն բանի մէջ միշտ բան մը պակաս տեսան: Անկեղծօրէն, բոլորս ալ ձեւով մը կարծես կապուած էինք հայու երազին եւ սակայն կ՛ուզէինք նաեւ ճանչնալ ճշմարտութիւնը:

Ապրիլ 24. Մեծ եղեռնի յիշատակում ըսի:

Այլ խօսքով մեծ յուշ, որ մինչեւ հիմա կը խռովէ  բոլորս, եւ որ պատճառ դարձած էր, որ մենք կրկին անգամ կորսնցնենք մեր ներքին անդորրութիւնն ու հոգեկան խաղաղութիւնը:

Յանկարծ փորձեցի ամփոփուիլ ու ապրումներս հաւաքել: Գոնէ վայրկեաններու համրանքով հեռանալ սեղանի մթնոլորտէն: Յաջողեցայ:

Յառաջիկայ տարի Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի տարի է:

Ահա բացայայտ ճշմարտութիւն մը: Արդէն մահացած են անոր իսկական վկաները: Ու կարծես իր ժամագիրքը կորսնցուցած քահանայի մը նման, ազգովին մեծով ու պզտիկով, անօրինակ աճապարանքի մը մէջ ենք:

Ոչ ոք գիտէ, թէ վաղուան լոյսին հետ ի՜նչ ուրուականներ պիտի ծնէին: Ասկէ մեկնած` ուժգնօրէն կ՛ուզէինք թափանցել յիշատակներու խորը: Գիտէինք, որ խստաբարոյ, շռայլ եւ ամեհի դար մըն է, զոր կ՛ապրինք: Ամէն օր վտանգաւոր նորութիւններ եւ ամէն օր` մահ ու աւեր:

Ու հակառակ ասոր, ազգովին եւ յամառօրէն կը փորձէինք այս աշխարհին հասկցնել, թէ 1915-ը երկրի եւ երկնքի վիշտն ալ է: Եթէ կ՛ուզէք, նաեւ` մարդկութեան գերագոյն վիշտը:

Մղձաւանջային իրականութիւն:

Մէկ խօսքով, իրականութեան փէշէն կախուած` կ՛ուզէինք հասնիլ պատմութեան: Մեզ մտիկ ընողներ ունէինք եւ միեւնոյն ժամանակ չունէինք: Մարդիկ չէին հասկնար մեզ եւ չեն ալ ուզեր հասկնալ: Սոսկալի էր, որովհետեւ այս մէկը ողբերգութիւն ալ էր, եւ չկայ աւելի մեծ ողբերգութիւն, որքան հայունը:

Մեզի համար երէկը արիւն եւ բոց էր, իսկ այսօրը` անորոշ, որովհետեւ ուրիշներու յաղթանակի կամարներուն առջեւ կեցած` կը սպասէինք ու դեռ կը սպասենք: Վկա՛յ Քեսապը: Հապա՞ վաղը:

Այդ վաղն ալ հաստատապէս կախեալ էր մեր մտածելակերպէն ու աշխատանքէն:

Այո՛, սարսափը ծամելով կը սպասենք, կ՛ըսեմ մտովի. չեմ գիտեր` ի՛նչ բանի եւ որքա՛ն երկար, սակայն կը սպասենք:

Դար մը առաջ թուրքը գիտէր, որ եթէ սպաննէ հայուն մարմինը, նաեւ սպաննած կ՛ըլլար անոր հաւատքը: Բայց չէր կրնար երեւակայել, թէ հայուն մարմինը սպաննելով` աւելի ուժով պիտի վերածնէր հայու հոգին:

Հայու հոգի ըսի:

6 դարերէ ի վեր մենք որբ ենք: Ֆիզիքական աներեւակայելի տառապանք կրած ենք: Եզներու նման մորթուած ենք: Կորսնցուցած ենք նաեւ այն, ինչ որ ոգի կոչած էինք:

Այս բոլորը բոլորս ալ գիտենք: Անոր համար շատ յաճախ մեր ներքին բովանդակութենէն պարպուած ենք: Այլափոխուած ենք: Մեր ուղիէն եւ կամ ճամբայէն շեղած ենք, որովհետեւ ապրած ենք երկրի մակերեսին վրայ: Շատ անգամ յարմարած ենք ուրիշներուն եւ այս ձեւով դարձած ենք նոյն այդ ուրիշներուն ձեռքի խաղալիքը: Անոր համար որբացած ենք:

Տարիներով մեր կեանքը ցցած ենք դէպի անցեալ: Դէպքերը կլանած են մեր կեանքի թափը եւ մեր ստեղծագործ թռիչքը մեզմէ հեռու մնալով` իրականութեան չենք հասած:

Միշտ մեր իմացականութեան մէջ նստած է օտարը: Մեր իսկական արժէքները չեն ուզած տեսնել: Միւս կողմէ ալ պետութիւններ, մեծ ու փոքր դիւանագէտներ ամէն առիթով խոստումներ տուած են եւ մեզ օր ցերեկով խաբած:

Կը կարծեմ, թէ ժամանակն է, որ մեր հարցին, մեր Դատին մենք բոլորովս մօտենանք մերկ սրտով ու պայծառ աչքով: Աւելի մօտէն ճանչնանք մեր բարեկամներն ու մանաւանդ մեր թշնամիները:

Սակայն ասոնցմով հանդերձ, պատի՛ւ հայուն, անկախ այս բոլորէն` հայ միտքը միշտ քալած է աշխարհի բոլոր կողմերը: Վկայ` հայ հոգիի թռիչքը, որուն իբրեւ արդիւնք` այսօր ամէն տեղ հայ հանճարը ներկայ է: Ամէն տեղ եւ ամէն առիթով ներկայ է հայ մտքին շունչը եւ հայ հոգիին թռիչքը: Անոր համար ամէն մարդ տեսակ մը ոխով կը նայի մեզի:

Թէեւ վշտահար ժողովուրդ մը եղած ենք, թէեւ պատմութեան հարուածները անխնայ եղած են մեր խաղաղասէր եւ ստեղծագործ ժողովուրդին համար, սակայն շնորհիւ մեր հետեւողական աշխատանքին` պայքարի ճամբով յարատեւած ենք ու մնացած` կանգուն:

Ուրեմն…

Այս մէկուն իրազեկ ըլլալու գոհունակութիւնը պէտք չէ, որ մեզ շփացնէ, որովհետեւ դարը, որ կ՛ապրինք, իր ղեկը փշրած է կարծես եւ Արեւմուտքն ու ռուսը կամ Արեւելքը, ինչպէս միշտ, դարձեալ անհանգիստ աչքերով մեզ կը դիտեն, միասին եւ կամ` անջատաբար:

Այլեւս իսկական կեանքը միայն գաղափարներու կուտակումը չէ: Այդ դարը անցած է: Աշխարհի հիմքերն ու օրէնքները շարժած ու խախտած են, եւ մեծ փլուզումը սկսած է:

Տեսանելի է, թէ հակասական այս դարուն մէջ հայ կեանքը իր շուարած միտքը ցրիւ ըրած է: Հայ մարդը տակաւին ինքզինք չէ գտած: Անոր համար իր պապենական հողերէն կ՛արտագաղթէ: Հայ միտքը կարծես կորսնցուցած է իր կեդրոնացումը:

Աստուած տայ, որ այս մէկը ըլլայ անհարազատ իրականութիւն:

Խստաբարոյ, շռայլ եւ ամեհի այս դարուն կանգ առնելու եւ մտածելու ժամանակ ալ չկայ: Պէտք էր մինչեւ հիմա մտածէինք, ծրագրէինք, գործի անցնէինք ու հասած ըլլայինք այն խոր գիտակցութեան, որ մեզ դէպի մեր ճամբան պիտի առաջնորդէր:

Այլ խօսքով, հայ ըլլալու եւ հայ մնալու մեր կամքը շատոնց հաստատած ըլլալու էինք եւ ան ալ` ճակատաբաց:

Այսօր բոլորս ալ կանգնած ենք պատմութեան ճեղքուած ճամբուն վրայ` հակասական զգացումներով: Սփիւռքը իր հոգերուն մէջ թաղուած է, իսկ հայրենիքն ու Արցախը` իրենց:

Վկայ` բարեկամիս ծննդեան երեկոյի սեղանակիցներուս ճիշդ ու ծուռ խօսակցութիւնները: Վկայ` տանտիրոջ անիմաստ ու անհոգ ժպիտը: Խորքին մէջ այդ մարդիկը բոլորն ալ իրականութեան փնտռտուքին ետեւէն ինկած էին: Կը հաւատամ, որ այս մտքին շարունակութիւնը կախեալ է մեզմէ:

Եւրոպան իր ականջները տնկած` կը սպասէ: Ամերիկան Թուրքիոյ մեծ դաշնակիցն է, մանաւանդ` այս օրերուն: Ժամանակները ամէն տեղ ալ փոխուած են: Ժամանակները մեր օգտին չեն ընթանար: Ամէն ինչ անկայուն է:

Մենք քանի մը աշխարհներու միջեւ կորսուած ենք: Որո՞ւ հաւատանք: Ռուսի՞ն, Եւրոպայի՞ն, թէ՞ մեր ապրած այս երկրին: Չենք գիտեր` որո՞ւ վստահինք: Չենք գիտեր` որո՞ւ հաւատանք եւ վստահինք եւ որո՞ւ կը պատկանինք: Չեմ հասկնար, որովհետեւ մենք իրարու հետ տակաւին տարակարծիք կ՛ապրինք: Այս մէկուն չենք անդրադառնար: Հոս է միասնութեան թշնամին:

Կը կարծեմ, որ այս օրերուն, իբրեւ արդի հայեր, մենք ստիպուած ենք լուծելու մեր հարցերը` առանց անցեալի աշխատակցութեան դիմելու: Մեր սխալներէն սորվինք, օգտուինք:

Սփիւռքի ներկայ քաղաքական ծանր դէպքերը մեզի յստակօրէն կը յիշեցնեն, թէ մեր նոր կեանքի միակ բանալին մեր հայրենիքը պէտք է ըլլայ: Այնտեղ է մեր նոր առաքելութիւնը: Ամէն տեղ եւ ամէն ժամանակ արդարամիտ ղեկավարներու կարօտը ունինք: Անկասկած:

Հայրենիք:

Ժամանակն է, որ հոն վերջնականապէս մէկտեղուինք: Հարիւր տարի առաջ մեր պատմական հողերը կորսնցուցինք: Ահա հարիւր տարի ետք` Սուրիա, Հալէպ, Քեսապ: Հապա՞ վաղը…

Զգացական պոռթկում մը չէ, այլ` լուսաւոր շքեղութիւն: Թէեւ հայրենիքէն ներս ալ չափանիշները խախտած են եւ սկզբունքները` արժեզրկուած, բայց հայրենիք է` ազատ եւ անկախ, եւ` մեր երազածը: Օր մը չէ օր մը կրնանք զայն «շտկել»:

Կը զգամ, որ այս պահուս միտքս կը փնտռէ այն հեռաւոր աղբիւրները, որոնցմէ մեր ծարաւ հոգին կրնայ յագենալ:

Գիտեմ, որ սեղանակիցներուս սիրտերուն մէջ ալ կայ մեր ժողովուրդի անյայտ վաղուան յատուկ խոր տագնապը: Այս եւ բազմաթիւ ու բազմաշերտ տագնապները մեր բոլորին սրտերուն մէջ են:

Ժամանակն է, որ մեր թմրած գիտակցութիւնը ալեկոծի: Զգաստութեան կարիքը կայ: Այլապէս, անապատը մեր մէջն է եւ մահը` մեր ցեղին հետ:

Բայց կ՛ուզեմ, կ՛աղօթեմ, կը բաղձամ, որ կրկին անգամ բոլորիս մէջ դարբնուի հայու հոգին: Իւրաքանչիւրս անհատապէս վերաքննենք մեր ազգային արժէքները: Երազ եւ իրականութիւն միախառնենք: Ի՛նչ կ՛ընենք եւ ի՛նչ ընել կ՛ուզենք, պէտք է յստակացնենք:

Իսկ եթէ իսկապէս կ՛ուզենք արթննալ մեր այս անտարբերութենէն, եթէ իսկապէս կ՛ուզենք, որ պատասխանատուութեան զգացումը մեր մէջ ծլի, պարտաւոր ենք մեր հաւաքական գիտակցութիւնը նորոգելու` միաժամանակ հաշուի առնելով մեր շրջապատի պայմանները:

Մեր ազգը հաւատարիմ պէտք է մնայ իր էութեան: Միասնական ճիգ եւ միասնականութիւն: Ըլլանք շրջահայեայց: Ազգային յանձնառութեամբ լիցքաւորուինք: Թուրքիա-Ամերիկա-Եւրոպա օղակին լայնքն ու երկայնքը չափենք: Մեր արեան մէջ կրենք մեր անցեալն ու ներկան:

Ահա ճիշդ այդ վայրկեանին արդէն կը վերանորգուինք: Մեր բողբոջները կը սկսին ծիլ տալու ու հայ կեանքը կրկին անգամ ոչ միայն պարտէզի կը վերածուի, այլեւ ազգովին կրնանք կենալ ճակատագիրին դիմաց ու անկէ հաշիւ պահանջել:

Հայկ նահապետէն ի վեր մեր ազատ եւ անկախ գոյութեան համար պայքար յայտարարած ենք մեր կեանքի բոլոր ճակատներուն վրայ:

Այս բոլորը ծնրադիր յոյսեր ըլլալէ աւելին են, հաւատացէ՛ք: Վերջ ի վերջոյ մարդկային հոգին միշտ լուսամուտի մը պէտք ունի:

Յիշեցէ՛ք, յամառ ժողովուրդ ենք, միշտ մարտունակ հոգիով, որ չ՛ուզեր մեռնիլ:

 

[email protected]

Share this Article
CATEGORIES