ԻՐԱՆԵԱՆ ՖՈՒԹՊՈԼ. ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԹԷՅՄՈՒՐԵԱՆ ՄԻԱՑԱՒ ԻՍԹԻՔԼԱԼԻ

Անդրանիկ Թէյմուրեան

Իրանի ֆութպոլի ազգային խումբին մաս կազմող հայազգի միջնապահ Անդրանիկ Թէյմուրեան երէկ միացաւ Թեհրանեան Իսթիքլալ խումբին, որ մաս կը կազմէ Իրանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի խումբերուն:

28 տարեկան Թէյմուրեան, որ մաս կը կազմէր տեղական այլ կազմի մը` Թրաքթոր Սազի, մէկ տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց իր նոր ակումբին հետ:

Նախքան Իրան վերադառնալը, մինչեւ 2010 Թէյմուրեան չորս տարի իր մասնակցութիւնը բերաւ «Փրեմիեր Լիկա»ի կազմերէն Ֆուլհեմի եւ Պոլթընի:

Սակայն ան կեցութեան գծով որոշ դժուարութիւններ ունենալով հեռացաւ Անգլիայէն:

 

Share this Article
CATEGORIES