ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱԹԼԵԹԻԶՄԻ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՄԵԿՆԵՑԱՆ ՃԱՓՈՆ ԵՒ ՖՐԱՆՍԱ
Երէկ, Քոպի (Ճափոն) մեկնեցաւ Լիբանանի աթլեթիզմի պատուիրակութիւնը` իր մասնակցութիւնը բերելու համար 7-10 յուլիսին տեղի ունենալիք Ասիոյ 19-րդ ախոյեանութեան:
Պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Քլեր Շեհապ, իսկ մարզիկներն են` Կրեթթա` Թասլաքեան եւ Ահմետ Հազեր: Անոնց մարզիչն է Վահէ Աբրահամեան:
Լիբանանեան այլ պատուիրակութիւն մը մեկնեցաւ Լիլ (Ֆրանսա)` իր մասնակցութիւնը բերելու համար դարձեալ վերոնշեալ թուականին տեղի ունենալիք Աշխարհի աթլեթիզմի կրտսերներու ախոյեանութեան:
Պատուիրակութեան մաս կը կազմեն Էլի Սաատէ (պատասխանատու-մարզիչ) եւ Քրիսթել Սանեհ (մարզիկ):
CATEGORIES Մարզական