Օպամա. «Ասատ Իր Օրինականութիւնը Ամբողջովին Կորսնցուց Եւ Սուրիոյ Ապագային Մէջ Տեղ Չունի»

Պարաք Օպամա

Պարաք Օպամա

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա յայտնեց. «Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ իր օրինականութիւնը ամբողջովին կորսնցուց եւ Սուրիոյ ապագային մէջ իրեն համար տեղ չկայ»:

Օպամա սուրիական ընդդիմութեան Ազգային համաձայնական խորհուրդի նախագահ Ահմետ Ժարպայի հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին դատապարտեց «սուրիական վարչակազմի ուժերուն կողմէ քաղաքայինները թիրախ դարձնելը, մասնաւորաբար պայթուցիկ տակառներով, ինչպէս նաեւ սուրիական տարբեր շրջաններու դէմ անօթութեան մատնելու եւ պաշարումի քաղաքականութեան օգտագործումը»:

Օպամա շեշտեց, որ Դամասկոս օժանդակութիւնները պաշարեալներուն հասանելի դարձնելու իրաւաբանական պարտաւորութիւնը ունի:

Ան ըսաւ. «Երկու կողմերը յանձնառու կը մնան քաղաքական լուծումի մը, որ ամբողջական լիազօրութիւններ ունեցող փոխանցման կառավարութեան մը կազմութիւնը կը պարունակէ, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ մէջ գործող ահաբեկչական տարբեր տարրերու դէմ պայքարելու անհրաժեշտութիւնը»:

Share this Article
CATEGORIES