Վրաստան Եւ Մոլտաւիա Եւրոպական Միութեան Հետ Ընկերակցութեան Համաձայնագիրը Պիտի Ստորագրեն 27 Յունիսին
«Կրուզիա oնլայն» կը հաղորդէ, որ Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Ղարիպաշվիլի Եւրոպական խորհուրդի ղեկավար Հերման Վան Ռոմփոյի հետ ունեցած հանդիպումէն ետք յայտարարած է, որ Վրաստանը Եւրոպական Միութեան հետ Ընկերակցութեան համաձայնագիրը պիտի ստորագրէ 27 յունիսին:
«Մեզի համար մեծ պատիւ է ձեր այցելութիւնը: Ատիկա կը հաստատէ, որ Եւրոպական Միութիւնը համարկման հոլովոյթին մէջ կ՛աջակցի Վրաստանի: Կ՛ուզեմ տեղեկացնել, որ այսօր ստացած ենք հաստատումը այն բանի, որ Վրաստանը Ընկերակցութեան համաձայնագիրը պիտի ստորագրէ 27 յունիսին», ըսած է Ղարիպաշվիլի:
«Զի.էն.Եու.էյ.»-ը իր կարգին կը հաղորդէ, որ Մոլտաւիան եւս նոյն օրը` Եւրոպական Միութիւն-Մոլտաւիա վեհաժողովի ժամանակ պիտի ստորագրէ Ընկերակցութեան մասին համաձայնագիրը:
13 մայիսին Քիշնեւի մէջ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Հերման Վան Ռոմփոյը Մոլտաւիոյ վարչապետ Եուրի Լիանքէին յանձնած է վեհաժողովին մասնակցութեան հրաւէրը:
Յիշեցնենք, որ համաձայնագիրը նախաստորագրուած էր 29 նոյեմբեր 2013-ին` Վիլնիւսի մէջ Արեւելեան գործընկերութեան վեհաժողովին ընթացքին:

