Թուրքիոյ Մէջ Ածխահանքի Փլուզում
Թուրքիոյ մէջ փրկարարներ երէկ մեծ ջանքեր գործադրեցին` գտնելու համար հանքափորներ, որոնք պայթումի մը պատճառով բանտարկուած են ածխահանքի մը մէջ: Ածխահանքի փլուզումը առնուազն 238 զոհ պատճառեց: Թուրքիոյ ուժանիւթի նախարար Թաներ Եըլտըզ յայտնեց, որ պայթումին ընթացքին աշխատանքին մէջ 787 մարդիկ կը գտնուէին: Կը կարծուի, որ տակաւին 200 հանքափորներ հանքին մէջ կը գտնուին, սակայն փրկուածներ գտնելու յոյսերը կը չքանան:
Տասնեակներով հանքափորներ յաջողեցան փրկուիլ մայրաքաղաք Անգարայէն 450 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող Սոմայի մէջ փլուզուած հանքէն:
Հանքափորներէն շատեր չեն կրնար առանց օգնութեան դուրս գալ հանքէն, որովհետեւ ելեկտրական հոսանքի անջատման պատճառով վերելակները չեն աշխատիր: Ներկայիս փրկարարները թթուածինով կը լեցնեն հանքահորը, որպէսզի ողջ մնացածները չթունաւորուին:
Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յետաձգեց Ալպանիա երէկ նախատեսուած իր այցելութիւնը եւ ուղղուեցաւ դէպքին վայրը: Վարչապետը նաեւ երկրին մէջ եռօրեայ սուգ յայտարարեց:
Թուրքիոյ ամէնէն վատ հանքահորի աղէտը արձանագրուած է 1992-ին, երբ Սեւ ծովու շրջանին մէջ` Զոնկուլտաքի մօտ 270 հանքափորներ մահացան:

