Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ ամէն ջանք ի գործ կը դնէ նախքան 25 մայիսը մարոնի համայնքի քաղաքական չորս ղեկավարներուն միջեւ նոր հանդիպում մը կատարելու:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սաատ Հարիրիի խորհրդական Տաուտ Սայեղ շեշտեց, որ Հարիրի կառչած կը մնայ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի թեկնածութեան:
ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Օքազ» օրաթերթին համաձայն, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ ոչ մէկ համաձայնութիւն գոյացած է:
«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Ազգային պայքարի ճակատ երեսփոխանական պլոքի նախագահ Ուալիտ Ժոմպլաթի մօտիկ աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ Ժոմպլաթ ոչ մէկ արգելք ունի հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Նազեմ Խուրի յայտնեց, որ քրիստոնեայ երեսփոխանները պատասխանատու են հանրապետութեան նոր նախագահի ընտրութեան հարցի խաչաձեւումին:
ՊՐԻԹԵԼԻ հովիտներուն մէջ նախանցեալ երեկոյեան արձանագրուած են բախումներ` սուրիական բանակին եւ զինեալներու միջեւ:
ԹՐԻՓՈԼԻԻ Թըպպանէ շրջանէն երեք պահանջուած յանցագործներ` Ապու Ժամալ Նհայլի, Զաքարիա Ժումաա (ծանօթ իբրեւ` Զաքքուր) եւ Մոհամետ Թահա (ծանօթ իբրեւ` Ազմիր) երէկ անձնատուր եղան լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութեան:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Սամիր Մազլում եպիսկոպոս յայտնեց, որ Պքերքէ նոր նախագահի ընտրութիւն կը պահանջէ եւ այդ պահանջէն անշեղ կը մնայ:
ԲՐԻՏԱՆԻՈՅ միջինարեւելեան հարցերու պետական նախարար Հիու Ռոպըրթսըն շեշտեց, որ Բրիտանիա կը շարունակէ զօրակցիլ լիբանանեան բանակին եւ կ՛օժանդակէ անոր զինումին: Ան մաղթեց, որ Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնը սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին կատարուի` պահպանելու համար երկրին ժողովրդավարական վարչակարգը:
«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթին համաձայն, Մուսթաքպալ հոսանքը ոչ մէկ արգելք ունի զօրակցելու հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումին, պայմանաւ որ այդ երկարաձգումը ըլլայ ժամանակաւոր` մինչեւ նոր նախագահի ընտրութիւնը:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Սէուտ Ֆայսալի կողմէ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆի ուղղուած հրաւէրը դրական ազդեցութիւն կը ձգէ լիբանանեան թղթածրարին վրայ:
«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման իր օգնականներէն պահանջած է վերջ տալ այն տպաւորութիւններուն, թէ ինք կը փափաքի իր պաշտօնավարութեան երկարաձգումը: Մինչ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթը կը գրէ, թէ նախագահ Սլէյման պատրաստած է իր պաշտօնավարութեան աւարտաճառը եւ կը մերժէ երկարաձգումը:
«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլ յայտնած է, որ Ուաշինկթըն արգելք մը չունի հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու առումով:
ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք կը ծրագրէ այս ամսուան ընթացքին Ծոցի երկիրներ շրջապտոյտ մը կատարել:
«ԺԱՏԻՏ» պատկերասփիւռի կայանի
փոխնախագահ Քարմա Խայեաթ շեշտեց, որ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանէն օգտուողն է, որ կը մերժէ մեր կողմէ բացայայտուած ճշմարտութիւնը:
«ՍԱՖԻՐ» օրաթերթին համաձայն, Սէուտական Արաբիոյ կարծիքով, Ժան Օպէյտ լաւագոյն տիպարն է` փոխարինելու համար հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանը:

