«Սէուտական Արաբիա Չեղեալ Նկատած Է Լիբանան Ճամբորդելու Առումով Իր Քաղաքացիներուն Վրայ Պարտադրուած Արգելքը» Շեշտեց Ասիրի
Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրի շեշտեց, որ Սէուտական Արաբիա չեղեալ նկատած է Լիբանան ճամբորդելու առումով իր քաղաքացիներուն վրայ պարտադրուած արգելքը:
Ներքին գործոց նախարարութեան կեդրոնին մէջ Ասիրի երէկ հանդիպում մը ունեցաւ ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Միշել Ֆարաոնի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան ներքին իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ կառավարութեան կողմէ գործադրուող ապահովական ծրագիրները:
Քննարկուեցան նաեւ սէուտցի արգելափակեալներուն վերաբերող թղթածրարներ, որոնց լոյսին տակ Ասիրի շեշտեց, որ անհրաժեշտ է բարելաւել անոնց պայմանները եւ արագացնել անոնց դատավարութիւնը:
Մաշնուք եւ Ֆարաոն հաստատեցին, որ Լիբանանի կառավարութիւնը պիտի շարունակէ ապահովական ծրագիրը` մեկնած երկրին եւ քաղաքացիներուն անվտանգութեան հսկելու իր յանձնառութենէն:

