«Նախագահական Աթոռին Թափուր Մնալը Իշխանութեան Քրիստոնեայ Բաղկացուցիչին Համար Պատիժ Մըն Է» Շեշտեց Ռայի Պատրիարք
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ իրենց ազգային յանձնառութիւնն է երկրին երեսփոխանները դնել իրենց պատասխանատուութիւններուն դիմաց եւ ընդգծել, որ անոնք կը գտնուին հանրապետութեան նախագահ մը ընտրելու ազգային պարտականութեան դէմ յանդիման:
Ռայի պատրիարքը ընդգծեց, որ Պքերքէ կտրականապէս դէմ է նախագահական աթոռին թափուր մնալուն, որովհետեւ անիկա երկրին իշխանութեան քրիստոնեայ բաղկացուցիչին համար պատիժ մըն է եւ սահմանադրութեան գործադրութիւնը կը խախտէ:
«Լիբանանեան խորհրդարանին վայել չէ երկրին եւ քաղաքացիներուն արժանապատուութեան հետ խաղալ եւ զանոնք յուսախաբ դարձնել», ըսաւ Ռայի պատրիարքը:
CATEGORIES Լիբանանեան

