Վարչապետ Սալամ Շեշտեց Նախագահական Ընտրութեան Անհրաժեշտութիւնը

Վարչապետ Թամմամ Սալամ հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը սահմանադրական պարտաւորութիւն է եւ անոր անհրաժեշտութեան մասին իր կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին մէջ յստակ կերպով ներկայացուած է:

Վարչապետ Սալամ քաղաքական բոլոր ուժերէն պահանջեց ընտրել հանրապետութեան նոր նախագահը, որովհետեւ անիկա պատմական պատասխանատուութիւն է եւ նախագահական աթոռի թափուր մնալը երկիրը կրնայ քաղաքական եւ ապահովական ժխտական իրադարձութիւններու մատնել:

Share this Article
CATEGORIES