Նախագահական Ընտրութեան Թղթածրարին Քննարկումը Կը Շարունակուի
Հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան թղթածրարը քննարկելու նպատակով արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ նախանցեալ օր Ռիատի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Սէուտ Ֆայսալի հետ:
Նոյն շրջագիծին մէջ, Պասիլ երէկ կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլը:
Պասիլի եւ Հէյլի միջեւ հանդիպումը նախատեսուած էր կէսօրին, սակայն ապահովական պատճառներով անիկա յետաձգուած էր:
Շուրջ քառասուն վայրկեան տեւած հանդիպումէն ետք Հէյլ մեկնեցաւ մերժելով յայտարարութիւն կատարել:
Աւելի ուշ բացայայտուեցաւ, որ Հէյլ Պասիլի փոխանցած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիէն նամակ մը:
Պասիլ առաւօտեան հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Փաթրիս Փաուլիի հետ:
Նշենք, որ անցեալ շաբաթավերջին Լիբանանի նախագահական ընտրութեան թղթածրարը Փարիզի մէջ քննարկուեցաւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւսի եւ սէուտցի անոր պաշտօնակիցին` Սէուտ Ֆայսալի կողմէ:
Ֆայսալ եւ Ֆապիւս անհրաժեշտ նկատեցին ամէն ջանք ի գործ դնել` նախքան 25 մայիսը նախագահական ընտրութիւն կատարելու եւ կանխարգիլելու համար Լիբանանի նախագահական աթոռին թափուր մնալը:

