Պըրրի Ողջունեց Սէուտական- Իրանեան Երկխօսութիւնը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ ինք աունականներուն կողմէ մնայուն կերպով կը լսէ, թէ Մուսթաքպալ հոսանքին հետ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան բանակցութիւնները լաւ ընթացքի մէջ են, սակայն այդ յառաջդիմութեան մասին ոչինչ կը լսէ Մուսթաքպալ հոսանքէն:

Պըրրի մտահոգութիւն յայտնեց, որ եթէ մինչեւ 25 մայիս կարելի չըլլայ հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը, ապա անկէ ետք օտար պետութիւնները կրնան միջամտել Լիբանանի նախագահական ընտրութեան հոլովոյթին:

Պըրրի ողջունեց սէուտական-իրանեան հաւանական երկխօսութիւնը, որ պիտի կատարուի Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարին կողմէ` իրանցի իր պաշտօնակիցին ուղղուած հրաւէրին լոյսին տակ:

«Այս երկխօսութեան համար երկար ատեն կոչ ուղղեցինք եւ աշխատանք տարինք, որ անիկա իրականանայ», ըսաւ Պըրրի:

ՆՇԵՆՔ, որ Պըրրի նախանցեալ օր մերժեց Այն Թինէի մէջ անձամբ ընդունիլ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Փաուլօ Սերրան: Իր այս կեցուածքով Պըրրի բողոքեց ՖԻՆԻՒԼ-ին կողմէ արձանագրուած բացթողումներուն եւ լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ մնայուն կերպով գործուող իսրայէլեան ոտնձգութիւններուն նկատմամբ այդ ուժերուն ցուցաբերած թուլամորթութեան դէմ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES