Նախագահ Սլէյման Զօրակցութիւն Յայտնեց Միջազգային Դատական Ատեանին

Նախագահ Սլէյման եւ Ուեհպէ

Նախագահ Սլէյման եւ Ուեհպէ

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ զօրակցութիւն յայտնեց Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին, ինչպէս նաեւ շեշտեց մամլոյ ազատութեան նկատմամբ իր յանձնառութիւնը, պայմանաւ որ լրագրողներուն աշխատանքը օրէնքին հիման վրայ ընթանայ:

Նախագահ Սլէյման ընդունեց երեսփոխան Ամին Ուեհպէն, որուն հետ քննարկեց նախագահական ընտրութեան խորհրդարանի չորրորդ նիստին մանրամասնութիւնները:

Նախագահական պալատի այցելուներէն եղան նաեւ նախկին նախարար Ուատիհ Խազեն եւ նախկին նախարար Մարուան Շարպել, որ շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահ Սլէյմանի` իր հօր մահուան սուգին առիթով անոր ցաւակցութեան համար:

Share this Article
CATEGORIES