Սենտիքայական Համակարգումի Խորհուրդը Տասնեակ Հազարաւոր Ցուցարարներով Իրականացուց Իր Քաղաքակիրթ Ընդվզումը

Ցոյցէն մաս մը
Շաբաթէ մը ի վեր ցոյց, գործադուլ եւ դասադուլ կատարող Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդը երէկ Ռիատ Սոլհի հրապարակին վրայ իրականացուց իր քաղաքակիրթ ընդվզումը` իր շուրջ համախմբելով տասնեակ հազարաւոր ցուցարարներ:
Խորհուրդը գլխաւորութեամբ իր նախագահին` Հաննա Ղարիպի, երէկ ժողովրդային իր ըմբոստութեան ընթացքին մերժեց աշխատավարձի յաւելումներուն մասին երեսփոխանական ենթայանձնախումբին պատրաստած օրինագիծը:
Կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Կեդրոնական Պէյրութի Դրամատուներու սեփականատէրերու միութեան կեդրոնատեղիէն սկսած ցոյցը հասնելէ ետք Ռիատ Սոլհ, սկսաւ հնչեցնել իր պահանջները, մինչ խորհրդարանը սկսած էր գումարել իր օրէնսդրական նիստը` նախագահութեամբ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի:
Հաննա Ղարիպ վերահաստատեց, որ ինք դրամի կէտազգիները կոչած է գողեր եւ ոչ թէ երեսփոխանները: Ան շեշտեց, որ ինք երեք տարիէ ի վեր ոչ մէկ պատասխանատուի` ըլլայ ան նախարար թէ երեսփոխան, ոչինչ ըսած է կամ անարգած:

Հաննա Ղարիպ
Ղարիպ խստիւ դատապարտեց խորհրդարանական ենթայանձնախումբին կողմէ պատրաստուած աշխատավարձերու յաւելումի օրինագիծին տարբերակը` շեշտելով, որ անիկա անարդար է: «Մենք մեր իրաւունքներուն կառչած կը մնանք», ըսաւ ան: Ան յայտարարեց, որ այդ պահէն սկսեալ հիմը կը դրուի Մայիս 14-ի սենտիքայական շարժումին:
Իր կարգին, Անձնական դպրոցներուն մէջ պաշտօնավարող ուսուցիչներու սենտիքայի նախագահ Նաամէ Մահֆուտ շեշտեց, որ իրենք պիտի մնան Ռիատ Սոլհի հրապարակին վրայ, մինչեւ իրենց յաւելումներուն վաւերացումը:
«Եթէ խորհրդարանը կ՛ուզէ իրեն նկատմամբ լիբանանցիներուն վստահութիւնը շահիլ, ապա այսօր իսկ կը վաւերացնէ աշխատավարձերու յաւելումներուն թղթածրարը», ըսաւ Մահֆուտ:
Մահֆուտ կոչ ուղղեց հետապնդելու փտածութեան պատասխանատուները եւ շեշտեց, որ իրենց պահանջները չվաւերացնելու պարագային, պետական քննութիւններ պիտի չկատարուին:
Աւելի ուշ ցուցարարներուն միացաւ կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Պու Սաապ, որ Հաննա Ղարիպին փոխանցեց, թէ Պըրրի կը պահանջէ իրմէ ներում հայցել երեսփոխանները գողեր որակելուն համար:
Ղարիպ ներում հայցելու փոխարէն արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ ճշդեց, թէ ինք երեսփոխանները գողեր չէ որակած, այլ դրամի կէտազգիները:
Պու Սաապ յայտնեց, որ Հաննա Ղարիպ յստակացուցած է իր կեցուածքը` աւելցնելով, որ ինք այդ կեցուածքը պիտի փոխանցէ խորհրդարանի նախագահին:
Նախարարը շեշտեց, որ Պըրրի եւ բոլոր երեսփոխանները յանձնառու են այսօր իսկ վաւերացնելու աշխատավարձի յաւելումները:
Պու Սաապ նաեւ ընդգծեց, որ ո՛չ ինք եւ ո՛չ ալ սենտիքայական մակարդակի պատասխանատուները կ՛ընդունին, որ երեսփոխանները գողեր յորջորջուին` աւելցնելով, որ ինք անշեղ կը մնայ ուսուցիչներուն իրաւունքներուն զօրակցող իր կեցուածքէն:
Ռիատ Սոլհ ուղղուեցաւ նաեւ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի անդամ երեսփոխան Ալի Ամմար, որ շեշտեց, թէ իրենք կողմնակից են աշխատաւորներուն իրաւունքներուն:
Միւս կողմէ, երէկ խորհրդարանը քննարկեց շարք մը հարցեր` հիմնականին մէջ կեդրոնանալով աշխատավարձի յաւելումներու թղթածրարին վրայ:
Յաւելումները ֆինանսաւորելու տարբեր միջոցներուն շրջագիծին մէջ խորհրդարանը պարտադրեց շարք մը տուրքեր` շինանիւթի, ոգելից ըմպելիներու, ինչպէս նաեւ անցագիրներու վրայ: Խորհրդարանը որոշեց նաեւ եկամտահարկը 8-էն 15 առ հարիւրի վերածել, ինչպէս նաեւ տուրքեր աւելցնել դրամատնային գործառնութիւններուն եւ այլ պարագաներու վրայ:

Խորհրդարանի նիստէն պահ մը
Առաւօտեան նիստին ընթացքին երեսփոխան Ալի Ֆայեատ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին հաստատեց, որ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքը կը մերժէ խորհրդարանական ենթայանձնախումբին պատրաստած յաւելումներու տարբերակը, որ անիրաւութիւն կը նկատուի պետական պաշտօնեաներուն եւ ուսուցիչներուն, ինչպէս նաեւ համեստ դասակարգի լիբանանցիներուն հաշուոյն:
Ֆայեատ առաջարկեց, որ Յաւելուած արժէքի տուրքը (ՅԱՏ) 10-էն 15 առ հարիւրի բարձրանայ` նկատի ունենալով միայն պերճանքի առարկաները:
Իր կարգին, Ազգային պայքարի ճակատ երեսփոխանական պլոքին անունով երեսփոխան Ալաէտտին Թըրրօ յայտնեց, որ պլոքը կը մերժէ ժողովուրդին համեստ դասակարգին բեռը տուրքերով ծանրացնել` յաւելումները վաւերացնելու նպատակով:
Պէտք է աւելցնել, որ նիստին սկիզբը երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա անդրադարձաւ Լա Հէյի մէջ նախանցեալ օր տեղի ունեցած «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանի ընդհանուր տնօրէնի տեղակալ Քարմա Խայեաթի դատավարութեան` նշելով, որ անիկա Լիբանանի Հանրապետութեան ճակտին ամօթի խարան մըն է, որովհետեւ Խայեաթի հոն գոյութիւնը կարծէք ցոյց կու տար, որ իր քաղաքացիները պաշտպանող լիբանանեան պետութիւն մը չկայ:
Խորհրդարանի առաւօտեան նիստը տեւեց մինչեւ յետմիջօրէի ժամը 3:00:
Երեկոյեան ժամը 6:00-ին խորհրդարանը շարունակեց իր նիստը: Երեկոյեան նիստին ամէնէն յատկանշական որոշումները եղան հանրային մարզի պաշտօնեաներուն նուազագոյն աշխատավարձը բարձրացնել 675 հազար լիբանանեան ոսկիի, ինչպէս նաեւ վաւերացնել պետական մարզի պաշտօնեաներուն համար արտակարգ 4 աստիճաններ: Գիշերուան ժամը 11:00-էն ետք Պըրրի նիստը փակուած յայտարարեց` երեսփոխաններու անհրաժեշտ թիւի չգոյութեան պատճառով: Յաւելումներու թղթածրարի վաւերացման վերջնականացման համար նոր թուական ճշդուեցաւ 27 մայիսը:
ՆՇԵՆՔ, որ Կաթողիկէ վարժարաններու ընդհանուր քարտուղար հայր Պութրոս Ազար յայտնեց, որ պետական քննութիւնները չկատարելու պարագային անհրաժեշտ է նկատի ունենալ դպրոցական արդիւնքները:
Ան շեշտեց, որ ծնողներուն կողմէ կրթաթոշակները չվճարելու պարագային կրթական հսկայական տագնապ մը պիտի ստեղծուի:
Հայր Ազար շեշտեց, որ իրենք չեն կրնար մասնակցիլ դասադուլին, եւ կոչ ուղղեց խորհրդարանին արդար կերպով վաւերացնելու իր օրէնքները` առանց ճնշումներու ենթարկուելու:

