Քնեսեթի Մէջ Քննարկուած Է Ցեղասպանութեան Ճանաչման Հարցը
Իսրայէլեան «Ճերուզալեմ Փոսթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Իսրայէլի խորհրդարանին` Քնեսեթի բանբեր Եուլի Էտելշթայն Քնեսեթի լիագումար նիստին ընթացքին Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցի քննարկման ժամանակ նշած է, որ իբրեւ հրեաներ` իրենք պէտք է ճանչնան հայ ժողովուրդի կրած տառապանքները, նոյնիսկ եթէ իրենք ոեւէ մէկը ատոր համար չմեղադրեն: Ան ընդգծած է, որ այդ քննարկումը չի դատապարտեր որեւէ ժամանակակից երկիր:
«Մենք ոեւէ մէկը չենք մեղադրեր, այլ կը գործենք իբրեւ հրեաներ` հաւատարիմ մնալով ճշմարտութեան: Մենք չենք կրնար մերժել պատմութիւնն ու մարդկային արժէքները` մեկնելով դիւանագիտական կամ քաղաքական զգուշութենէն», աւելցուցած է Էտելշթայն:
Իսրայէլեան օրաթերթը կ՛աւելցնէ, որ Քնեսեթի մէջ ցեղասպանութեան ճանաչման առաջարկը ներկայացուցած է Իսրայէլի «Մերեց» ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ Զեհաւա Կալ-Օն, որ իսրայէլեան կառավարութեան կոչ ուղղած է մինչեւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը ճանչնալ զայն:
«Կառավարութիւնը պէտք չէ զոհաբերէ ցեղասպանութեան ճանաչումը յանուն ժամանակաւոր շահերու: Ամէն անգամ դիւանագիտական իրավիճակը տարբեր է: Երբ մենք կ՛ուզենք լաւ յարաբերութիւններ ունենալ Թուրքիոյ հետ, չենք ճանչնար Ցեղասպանութիւնը, սակայն, երբ ի յայտ կու գայ Մարմարայի հարցը, մենք մեր մտքերը կը փոխենք», ըսած է ան: Ըստ անոր, իբրեւ Ողջակիզում տեսած ազգ իրենք չեն կրնար շարունակել անտեսել Հայոց ցեղասպանութեան հարցը:
Քննարկման ընթացքին խօսք արտասանած է նաեւ «Լիքուտ-Իսրայէլը մեր տունն է» քաղաքական միաւորման անդամ Ռեւեն Ռիվլին` յիշեցնելով, որ աշխարհը կը շարունակէ հայերուն հարցով լռել:
«Ինծի համար ծանր է ներել այն ազգերուն, որոնք կ՛անտեսեն մեր ողբերգութիւնը, ուստի մենք չենք կրնար անտարբեր ըլլալ այլ ազգի ողբերգութեան նկատմամբ: Ատիկա մեր բարոյական պարտականութիւնն է` իբրեւ ժողովուրդ եւ իբրեւ հրեայ», նշած է Ռիվլին:
Ապա Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Աւիկտոր Լիպըրմանի փոխարէն առաջարկին պատասխանած է զբօսաշրջութեան նախարար Ուզի Լանտաու, որ իր կարգին համակարծիք է Քնեսեթի միւս անդամներուն, որ ցեղասպանութեան ճանաչումը հրեաներու բարոյական պարտաւորութիւնն է:
Քննարկման աւարտէն ետք Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերեալ առաջարկը ուղարկուած է Քնեսեթի արտաքին յարաբերութեանց եւ պաշտպանութեան հարցերով յանձնախումբին:

