Մինսքի Խմբակի Համանախագահները 16 Մայիսին Պիտի Այցելեն Երեւան

Ուորլիք, Ֆոր եւ Փոփով

Ուորլիք, Ֆոր եւ Փոփով

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Տիգրան Բալայեան «Թուիթըր» ընկերային ցանցին վրայ գրած է, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները 16 մայիսին պիտի այցելեն Երեւան: Անոնց այցելութեան նպատակը Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հոլովոյթին մէջ յառաջընթաց արձանագրելն է:

Մինսքի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփով (Ռուսիա), Ժաք Ֆոր (Ֆրանսա) եւ Ճէյմս Ուորլիք (Միացեալ Նահանգներ) տագնապի լուծման իրենց յանձնառութիւնը վերահաստատած եւ խաղաղութեան հասնելու անհրաժեշտութեան մասին շեշտած էին 12 մայիսին Հայաստանի, Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի միջեւ զինադադարի համաձայնագիրի կնքման 20-ամեակին առիթով հրապարակած իրենց հաղորդագրութեան մէջ:

Ատկէ առաջ խաղաղութեան համաձայնագիրի իր առաջարկները ներկայացուցած էր ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք` Խաղաղութեան Քառնեկի հիմնադրամին մէջ իր արտասանած խօսքին մէջ` շեշտելով վեց կէտեր:

 

Share this Article
CATEGORIES