«Ֆրանսա Հետաքրքրուած Է Վրաստանի Գործընկերութեամբ` Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Վստահութեան Մթնոլորտի Ստեղծման Համար» Կ՛ըսէ Հոլլանտ

Հոլլանտ եւ Մարկվելաշվիլի

Հոլլանտ եւ Մարկվելաշվիլի

Kavkasia.net կայքը կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ 13 մայիսին Թիֆլիսի մէջ յայտարարած է, որ Վրաստան կը

մասնակցի շրջանին մէջ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ ստեղծուած դժուարին իրավիճակէն դուրս գալու փորձերուն:

«Մենք միասին ստեղծուած իրավիճակէն դուրս գալու ելքեր կը փնտռենք, եւ այդ հարցին մէջ կ՛ակնկալենք Վրաստանի գործընկերութիւնը», ըսած է ան:

Ֆրանսայի նախագահը յիշեցուցած է, որ իր երկիրը Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հարցով Մինսքի խմբակի անդամ է եւ կը ցանկայ «Վրաստանի գործընկերութիւնը` այդ երկու երկիրներուն վստահութեան նշաններ ուղարկելու հարցին մէջ»:

Share this Article
CATEGORIES