Սկիզբ Տրուեցաւ Արցախի Ազգային Վիճակախաղի Երկրորդ Խաղարկութեան

Արթուր Աղաբեկեան

Արթուր Աղաբեկեան

9 մայիսին Ստեփանակերտի մէջ սկիզբ առաւ Արցախի զարգացման եւ վերաբնակեցման ուղղուած ազգային վիճակախաղը: Մինչեւ 28 դեկտեմբեր Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի մէջ ապրող հայութիւնը կրնայ աջակցիլ Արցախի զարգացումին` գնելով ազգային վիճակախաղին տոմսերէն թէկուզ մէկ տոմս, որուն գինը երկու հազար դրամ է: «Արմէնփրես» լրատու գործակալութեան հետ զրոյցի մը ընթացքին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեան նշած է, որ այս տարի շրջանառութեան մէջ դրուած է վիճակախաղի 300 հազար տոմս: «Յաջողեցանք արդարացնել յոյսերը այն բոլոր մարդոց, որոնք ձեռք բերելով վիճակախաղի տոմսերը կը հաւատան, որ կը նպաստեն եւ հաւաքական պատասխանատուութիւն կը ստանձնեն Արցախի մէջ թէ՛ աշխատատեղերու ստեղծումին եւ թէ՛ վերաբնակեցման աշխատանքին», ըսած է Արթուր Աղաբեկեան:

Վերաբնակեցման ծրագիրին զուգահեռ, ազգային վիճակախաղը կը նպաստէ նաեւ աշխատատեղիներու շատացման եւ գորգագործութեան զարգացումին: Եթէ ծրագիրի սկզբնաւորութեան տասնչորս գորգագործներ ներգրաւուած էին աշխատանքներուն մէջ, ապա այսօր ազգային վիճակախաղի ծրագիրին մէջ ներգրաւուած գորգագործներուն թիւը 146 է, ինչ որ կը նշանակէ 146 աշխատատեղ եւ նոյնքան եկամուտ: Այս թիւը Արցախը չի բաւարարեր եւ որ այս տարի գորգագործներուն թիւը պէտք է անցնի 200-ը: Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան կառավարութիւնը Արցախի 12 համայնքներու ղեկավարներէն ստացած է նամակներ, ուր անոնք փափաք յայտնած են, որ իրենց գիւղերուն մէջ գորգագործական արտադրամասեր բացուին:

Յայտնենք, որ Արցախի առաջին ազգային վիճակախաղէն ստացուած 240 միլիոն դրամը յատկացուած է Իշխանաձոր համայնքի վերածնունդին եւ հայրենադարձութեան գաղափարը կեանքի կոչելու աշխատանքին: Այժմ Իշխանաձորի մէջ ընթացք առած են շինարարական աշխատանքներ, եւ մինչեւ 28 դեկտեմբեր պէտք է աւարտի համայնքի 37 առանձնատուներու կառուցումը:

Արթուր Աղաբեկեանի համաձայն, Իշխանաձոր համայնքը ունի բոլոր միջոցները բնակիչ ընդունելու եւ ապահովելու անոնց բարեկեցութիւնը: «Իշխանաձորի մէջ այսօր 240 բնակիչ կ՛ապրի, կը գործէ գիւղապետարան եւ դպրոց: Գիւղը ապահովուած է խմելի ջուրով եւ ունի հսկայական տարածքներ բնակարանաշինութեան համար: Մեր առաջնակարգ նպատակն է Իշխանաձորի համայնքին բնակիչներուն թիւը 1000-ի հասցնել», ըսած է Աղաբեկեան` աւելցնելով, որ Իշխանաձորի վերաբնակեցումը կապուած է Արաքսի ափին վերաբնակեցման այլ ծրագիրի մը հետ: Փոխվարչապետին գնահատումով` իրենց առջեւ յաւակնոտ եւ պատասխանատու նպատակ դրուած է, սակայն վստահ են, որ արդիւնքը դրական պիտի ըլլայ:

 

Share this Article
CATEGORIES