Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Անգամ մը եւս ստուգեցէք ձեր պատրաստած ծրագիրը, թղթածրարը կամ նոր որոշումը, որպէսզի մոռցուած բան մը չըլլայ, կամ` անորոշ ոչինչ մնայ:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Հաւաքական կամ խումբով պատրաստուած եւ կիրարկուած աշխատանքի մը պտուղը պիտի քաղէք` իբրեւ այդ աշխատանքին ծրագիրը յղացողը: Այս յաջողութիւնը պիտի ունենայ նիւթական եւ բարոյական անդրադարձ:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ժամանակ գտէք ձեր գործերը մէկ կողմ դնելու եւ հանգիստի պահեր ստեղծելու: Ներկայիս ստիպողական գործեր չունիք, հետեւաբար եղէք խոհեմ` ձեր ընկերային կեանքն ալ ոգեւորելու: Մտածեցէք պտոյտի մը մասին եւ իրագործեցէք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Առանձնութեան մէջ կրնաք ստեղծագործել, կեդրոնացումը կ՛օգնէ որոշ բաներ իրագործելու: Մի՛ մոռնաք նաեւ միանալու ձեր ընկերներուն: Աշխուժ եղէք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Եսակեդրոն մի՛ ըլլաք, նայեցէք ձեր շուրջը եւ որքան որ կրնաք, օգտակար եղէք ձեր օգնութեան պէտք ունեցողին: Հոգեկան գոհունակութիւն կ՛ունենաք:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Շնորհիւ ձեր յարատեւ պրպտումներուն` պիտի կարենաք, յաջողութեամբ աւարտել ձեր սրտին խօսող` ծրագիր մը, որ ապագայ կը խոստանայ նիւթական եւ բարոյական իմաստով:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ձեր մտահոգութիւնը պիտի փարատի շնորհիւ անկեղծ բարեկամի մը օժանդակութեան, որով կարելիութիւնը պիտի ունենաք ինքնավստահութեամբ գործելու:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Դրամական հարց մը պիտի լուծուի անակնկալ պահու մը: Մոռցուած գումար մը ստանալը բախտաւորութիւն պիտի նկատէք: Շարունակեցէք ձեր կեանքը նոյն ձեւով, առանց յուսահատելու:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Դրամատնային պարտականութիւն մը ունիք: Մուրհակ վճարելը մի՛ մոռնաք, որպէսզի տոկոսային բարդացման խնդիր չունենաք: Օրը օրին կատարեցէք որեւէ աշխատանք կամ խոստում:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Կարեւորութիւն մի՛ տաք ձեր լսածներուն, քանի որ անոնք ստոյգ չեն: Նախ հաստատեցէք լսուածին ճշմարիտ ըլլալը, ապա որոշեցէք ձեր ընելիքը:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Արուեստի վերաբերեալ գործունէութիւն պիտի ունենաք` անձամբ կիրարկելով ստեղծագործութիւն մը, կամ` ներկայ ըլլալով գեղարուեստական ցուցադրութեան մը:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Տունէն դուրս ելէք, այցելութիւն մը տուէք հարազատի մը: Պիտի տեսնէք, թէ ձեզմէ աւելի կարիքաւոր անձեր կան: Մոռցէք ձեր տաղտուկները:

