50 Տարի Առաջ (16 Մայիս 1964)

Խորէն Ա. Կաթողիկոսի Անդրանիկ Այցը
Սուրբ Երրորդութիւն Եկեղեցի

Քարանթինայի հայութեան համար պատմական թուական մը եղաւ 3 մայիս 1964-ի կիրակին, Խորէն Ա. կաթողիկոսի հովուական անդրանիկ այցելութեամբ, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերած էին Լիբանանի հայոց բարեջան առաջնորդ Տաճատ արքեպիսկոպոս, դպրեվանքի տեսուչ Գարեգին եպիսկոպոս, վարդապետներ, պետական եւ ազգային երեսփոխաններ:

Թաղականութեան եւ յանձնախումբերու ընկերակցութեամբ, լիբանանահայոց բարեջան առաջնորդ Տաճատ արք. առաւօտեան ժամը 7:30-ին ժամանեց եկեղեցի:

Սրբազան հօր Անդրանիկ այցելութեան առիթով եկեղեցւոյ մուտքին զենուեցաւ ոչխար մը:

Ապա աւելի քան երեսուն ինքնաշարժներով նոյն խումբը մեկնեցաւ Անթիլիաս` վեհափառ հայրը Քարանթինա առաջնորդելու համար:

Եկեղեցի տանող հրապարակը դրօշազարդ զոյգ կամարներով, որոնց տակ անհամբեր կը սպասէին ժողովուրդը, Ազգ. Մեսրոպեան վարժարանի աշակերտութիւնը` ուսուցչական կազմով եւ Պուրճ Համուտի սկաուտական նուագախումբը, արժանավայել կերպով դիմաւորեցին վեհափառը նուագով, աղաւնիներու թռիչքով եւ որոտընդոստ ծափերով: Թաղականութեան եւ յանձնախումբին կողմէ զենուեցաւ նաեւ խոյ մը: Ապա դպրաց դասի քաղցրաբոյր «հրաշափառ»-ով վեհը առաջնորդուեցաւ եկեղեցի:

Օրուան պատարագիչն էր Լիբանանի բարեջան առաջնորդ Տաճատ արքեպիսկոպոս: Պատարագի երգեցողութիւնը կը կատարուէր քառաձայն, Ս. Նշան եկեղեցւոյ դպրաց դասուն կողմէ, ղեկավարութեամբ եկեղեցւոյս դպրապետ Հրանդ Աճեմեանի:

Վեհափառ հայրը իր պատգամը տուաւ` բնաբան ունենալով «Տէր փրկեա զմեզ զի կորնչիմք», ուր շեշտեց յարութեան գաղափարը եւ հայ ժողովուրդի վերակենդանութեան ու այժմու բարգաւաճ կեանքի գոյութեան փաստը:

Յաւարտ Ս. պատարագի, աջահամբոյրէն ետք, ժողովուրդի ծափերու տարափին տակ վեհափառ հայրը իր շքախումբով առաջնորդուեցաւ օգն. խաչի սրահը` ճաշկերոյթի համար:

Ճաշկերոյթը սկսաւ վեհափառ հօր աղօթքով:

Ճաշի ընթացքին հերթով խօսք առին` Յ. Տէր Մելքոնեան, տոքթ. Յ. Գասապեան, անդրադառնալով Քարանթինայի հայութեան հիւղաւաններու տխուր պատկերին վրայ եւ անոր շուտափոյթ դարմանի մասին մտածելու կենսական պահանջին շուրջ:

Թաղականութեան անունով խօսք առաւ դպրոցիս ժրաջան տեսչուհին` Վարդիթեր Մկրտիչեան, որ իր բարի գալուստի մաղթանքէն ետք շեշտեց վեհափառ հօր շինարարական նկարագրի ցայտուն գիծը` յոյս յայտնելով, որ արժանընտիր առաջնորդ սրբազան հայրը, խորհրդատու ունենալով իմաստուն եւ կորովի վեհափառը, միասնաբար իրականացնեն շրջանի ժողովուրդին մէջ տարիներով գոյութիւն ունեցող երազը: Ապա օգտուելով յարմարագոյն առիթէն` տեսչուհին կանխայայտ շնորհակալութիւնները յայտնեց վեհափառ հօր` գահակալութեան եւ օծման տարեդարձին առթիւ մաղթելով արեւշատութիւն երկար եւ քաջառողջ կեանք:

Շրջանիս հայութեան թարգմանը հանդիսանալով` խօսք առաւ Լեւոն Փանոսեան, որ իր անխառն ուրախութիւնը յայտնելէ ետք վեհափառ հօր օրհնաբեր այցելութեան առթիւ` աւելցուց. «Եկեղեցին ու դպրոցը մեր պատմութեան արշալոյսէն ի վեր եղած են մեր գոյատեւման ամրոցները. հայ ժողովուրդի տալու գեղեցիկ յատկութեան եւ ձերդ վեհափառութեան եկեղեցաշէն ոգիին վստահելով կը յուսանք ի մօտոյ ունենալ շրջանիս զոյգ ամրոցները իրենց ներկայանալի վիճակով»:

Սրբազան հօր թելադրանքով խօսք առաւ պետական երեսփոխան մեթր Խաչիկ Պապիկեան, որ իր շնորհակալութիւնները յայտնելէ ետք, այս սրտաբուխ ընդունելութեան առթիւ, առաւելաբար շեշտը դրաւ հիւղաւաններու շինութեանց հարցին վրայ` յայտնելով, թէ այլեւս մօտեցած է ժամանակը, որպէսզի տեղական եւ օտար պետութիւններու օժանդակութեամբ իսկ լուծուի այդ հարցը: Ներկաները մեծ ուրախութեամբ կը դիմաւորէին եւ յաճախ ծափերու որոտով կ՛ընդմիջէին սոյն յայտարարութիւնները:

Հիւղաւաններու շինութեանց մասին իր հեղինակաւոր խօսքը ըրաւ Խորէն Ա. վեհափառը շատ յատկանշական կերպով: «Երազներ կան, որ երեք օրէն, երեք ամիսէն կամ երեք տարիէն իրականացած կ՛ըլլան, կը խորհինք, թէ այս հիւղաւաններու շինութեան երազն ալ երեք ամիսէն կ՛ենթարկուի այդ բախտաւոր ճակատագրին»:

Այս ուրախ առթիւ, մղուած օրուան ջերմ ընդունելութենէն, եղան նաեւ նուիրատուութիւններ, զորս պիտի տանք ստորեւ, հակառակ անոր որ արդէն յանձնախումբին եւ թաղականութեան անդամները, ինչպէս նաեւ թաղեցիները իրենց նուիրատուութեամբ, արժանավայել ընդունելութիւնը չէին խնայած:

Ազգային բարերար Միսակ աղա Ազիրեան, որ անհանգստութեան պատճառով չէր կրցած ներկայ գտնուիլ, իր ներողամտութեանց հետ 250 լ. ոսկիի գումար մը նուիրած էր եկեղեցիին:

Նուիրատուներու ցանկ.

Տաճատ արք. 110 լ. ոսկի` եկեղեցիին:

Արամ Ամասեան 50 լ. ոսկի` եկեղեցիին եւ 50 լ. ոսկի` դպրոցին:

Արամ Ժամկոչեան 50 լ.ոսկի` եկեղեցիին:

Յ. Տէր Մելքոնեան 50 լ.ոսկի` դպրոցին:

Լ. Փանոսեան 25 լ.ոսկի` եկեղեցիին:

Խ. Սեդրակեան 25 լ.ոսկի` եկեղեցիին:

Լ. Վարդիվառեան 12.50 լ.ոսկի` եկեղեցիին

Եկեղեցական եւ կրթական փայլուն ապագայի մը հեռանկարով տրուած գեղեցիկ խոստումներէ ետք վեհափառ հայրը իր շքախումբով մեկնեցաւ:

ՆԵՐԿԱՅ ՄԸ

20 Հազար Տոլարի Կտակ
Նշան Փալանճեան Ճեմարանին 

«Արիստակէս Լուսավարդ Եւ Արամ Յակոբեան Կտակ»

Հայրենակից Արիստակէս Յակոբեան, Քալիֆորնիոյ հայ գաղութին ծանօթ եւ յարգուած անդամներէն մէկը, յարգելու համար յիշատակը իր եղբօր` Արամի եւ կնոջ` Լուսավարդի իր ամբողջ ստացուածքը կտակած է բարեսիրական նպատակներու: Ա. Յակոբեան իր կտակով 20 հազար տոլար բաժին հանած է նաեւ Համազգայինի Ն. Փալանճեան Ճեմարանին:

Ճեմարանի տնօրէնութիւնը, համազգայինի Կեդր. Վարչութեան հաւանութեամբ, որոշած է Ճեմարանի թիւ 2 շէնքին մէկ յարկը կոչել «Արիստակէս, Լուսավարդ եւ Արամ Յակոբեան յարկ»:

Արիստակէսին եղբայրը` Արամ, Տարօնի մեր անուն հանած մարտիկներէն էր: Ան մասնակցած էր Սասունի եւ Մշոյ դաշտի յեղափոխական շարժումներուն եւ խիզախ ու յանդուգն ֆետայի էր: 1915-ին խումբ մը նման քաջերով ճեղքած էր թրքական պաշարումը եւ անցած էր Կովկաս, ուր մասնակցած էր տեղական ազատագրական շարժումներուն, միշտ` առաջաւոր դիրքերու վրայ, ի վերջոյ զոհուելով պոլշեւիկեան վայրագութիւններուն: Արամը ճանչցողները հիացումով կը պատմեն անոր քաջասրտութեան եւ ընկերական քաղցր բնաւորութեան մասին:

 

Share this Article
CATEGORIES