Արուեստի Աշխարհէն. Կորսուած Վան Կոկ Մը` Դրամարկղի Մը Մէջ
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ
ՀՈԼԱՆՏԱՑԻ ՏՊԱՒՈՐԱՊԱՇՏ ԳԵՂԱՆԿԱՐԻՉԻՆ ԱՌԱՍՊԵԼԱԿԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ ՆՈՐ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄՆԵՐ Կ՛ԱՊՐԻ ԱՆՈՐ ՄԱՀԷՆ ԵՏՔ: «ՌՈՅԹԸՐԶ» ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷ ԱՆՈՐ ԱՆՅԱՅՏԱՑԱԾ ՄԷԿ ԳԵՂԱՆԿԱՐԻՆ ՃԱԿԱՏԱԳԻՐԸ:
Սպանացի հարկահաւաքներ, որոնք կը ստուգէին դրամարկղի մը պարունակութիւնը, ի յայտ բերած են գեղանկար մը, որ կը կարծուի, թէ կը պատկանի հոլանտացի վարպետ Վինսընթ Վան Կոկի: Անիկա կորսուած էր շուրջ 40 տարի առաջ, ինչպէս կ՛ըսէ Մատրիտի մէջ հարկային գրասենեակի մը յայտարարութիւնը:
Յայտարարութիւնը, որ կը հաստատէ սպանական «Էլ Մունտօ» թերթին մէջ լոյս տեսած տեղեկագիր մը, կ՛ըսէ, թէ գեղանկարը կը կրէ «Նոճի, երկինք եւ քաղաքամերձ շրջան» վերնագիրը եւ գծուած է 1889-ին: Գեղջկական այս պատկերը վերջին անգամ ցուցադրուած է Աւստրիոյ մայրաքաղաք Վիեննայի Քունսթհիսթորիշըս թանգարանին մէջ:
Այժմ հետաքննութիւն բացուած է ստուգելու համար, թէ գեղանկարը ինչպէ՛ս պահ դրուած է դրամարկղի մը մէջ, եւ թէ` արդեօք անիկա անհետացած է գողութեա՞ն պատճառով:
Արուեստի մասնագէտներ հարկային գրասենեակին յայտնած են, թէ 35 սմ լանյքով եւ 32 սմ բարձրութեամբ գեղանկարը, որ կը կրէ իր իրականութիւնը հաստատող երեք կնիքներ, շատ հաւանական է, որ իրական է, թէեւ ցարդ Սպանիոյ մշակոյթի նախարարութիւնը չէ հաստատած այս մէկը: Չէ ճշդուած նաեւ գեղանկարին արժէքը:
Վան Կոկ տպաւորապաշտ դպրոցի հսկայ մըն էր, որուն գեղանկարները մաս կը կազմեն աշխարհի ամէնէն աւելի սուղ արժող գեղանկարներու ցանկին: Ան ծայր աստիճան թշուառութեան մէջ անձնասպան եղած է 1890-ին, երկար ժամանակ պայքարելէ ետք մտային հիւանդութեան դէմ:
Խնդրոյ առարկայ գեղանկարը ի յայտ եկած է, երբ հարկային իշխանութիւններ 542 դրամարկղեր գրաւած են հարկային օրէնքները խախտած անձերէ, որոնց ընդհանուր պարտքը կը հասնի 438 միլիոն տոլարի, ինչպէս կը գրէ «Էլ Մունտօ»:
Մատրիտի մէջ լոյս տեսնող օրաթերթը հրապարակած է յայտնաբերուած գեղանկարին լուսանկարը:

