Արուեստի Աշխարհէն. Խնդրագիրներու Արշաւ Մը` Վան Տայքի Դիմանկարին Համար

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

985brit

Վան Տայք միայն 3 ինքնանկարներ գծած է Անգլիոյ մէջ: Անոնցմէ վերջինն է, որ այժմ կը պահուի երկրին մէջ:

ԲՐԻՏԱՆԻՈՅ ԹԱԳԱՒՈՐԱԿԱՆ ՊԱԼԱՏԻՆ ԾԱՌԱՅԱԾ ՖԼԵՄԱՆ ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏԸ 1641-ԻՆ, ԻՐ ՄԱՀԷՆ ԿԱՐՃ ԺԱՄԱՆԱԿ ՄԸ ԱՌԱՋ, ԳԾԱԾ ԷՐ ԻՐ ԻՆՔՆԱՆԿԱՐԸ: ԶԱՅՆ ԻԲՐԵՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԻՒՆ ԲՐԻՏԱՆԻՈՅ ՄԷՋ ՊԱՀԵԼՈՒ ԱՐՇԱՒ ՄԸ Ի ՎԵՐՋՈՅ ԱՐԴԻՒՆՔ ԿՈՒ ՏԱՅ: «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.» ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷ ԱԶԳԱՅԻՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ՃԻԳՈՎ ԻՐԱԳՈՐԾՈՒԱԾ ՆՊԱՏԱԿԸ: 

Բրիտանիոյ Դիմանկարներու Ազգային պատկերասրահը ի վերջոյ յաջողած է գոյացնել 10 միլիոն փաունտ` սըր Անթընի Վան Տայքի վերջին ինքնանկարը պահելու համար երկրին մէջ:

Այս թիրախին կարելի եղած է հասնիլ` դիմելով հանրութեան. շուրջ 10 հազար անձեր աւելի քան 1.4 միլիոն փաունտ նուիրած են գեղանկարը Բրիտանիոյ մէջ պահելու նպատակին:

Գեղանկարիչին մահէն կարճ ժամանակ մը առաջ գծուած ինքնանկարը կը նկատուի բրիտանական արուեստի մէջ «ամէնէն գեղեցիկ եւ ամէնէն յատկանշական ինքնանկարներէն մէկը», ինչպէս կը հաստատեն մասնագէտներ:

Խնդրոյ առարկայ ինքնանկարը 2013-ին վաճառուած էր արտասահմանի մէջ: Զայն գնած էր արուեստի գործերու հաւաքածոյ պահող միլիառատէր Ճէյմս Սթանթ` Ֆորմիւլա 1-ի ղեկավար Պեռնի Էքըլսթոնի փեսան: Այնուհետեւ հաստատուած էր զայն երկրէն դուրս բերելու ժամանակաւոր արգելք մը:

Ինքնանկարը արուեստագէտը կը պատկերէ աշխատանքի պահուն: Ան պաստառէն դուրս կը նայի իր աջ ուսէն, աջ ձեռքը նկարելու պատրաստ դիրքով. կարծէք կը դիտէ ակնդիրը` զայն գծելու համար իբրեւ նիւթ:

Վան Տայք այս ինքնանկարը գծած է 1641-ին, երբ կը ծառայէր իբրեւ Բրիտանիոյ Չարլզ Ա. թագաւորին պալատական գեղանկարիչը:

Վայն Տայք յեղաշրջող դեր ունեցած է բրիտանական գեղանկարչութեան մէջ` զայն դուրս բերելով Բրիտանիոյ իշխանաւոր խաւին` թիւտըրներու յատուկ խիստ ոճէն եւ օժտելով աւելի հեզասահ, թատերական եւ արդի ոճով:

Ճէյմս Սթանթ մարտին որոշեց հրաժարիլ գեղանկարին սեփականատիրութեան իր իրաւունքէն` տեսնելէ ետք զայն Բրիտանիոյ մէջ պահելու «ժողովուրդին տենդը»:

Այնուհետեւ գեղանկարը Բրիտանիոյ Դիմանկարներու Ազգային պատկերասրահին առաջարկուած է 10 միլիոն փաունտի` զեղչելէ ետք  12.5 միլիոն տոլարի սկզբնական գինը:

Այժմ այս գումարը գոյացած է, ներառեալ` 500 հազար փաունտ` Բրիտանիոյ արուեստի հիմնադրամէն եւ 700 հազար փաունտ` Բրիտանիոյ Դիմանկարներու Ազգային պատկերասրահին սեփական պիւտճէէն:

«Վան Տայք Բրիտանիոյ մէջ ստեղծագործած մեծագոյն արուեստագէտներէն է», ըսած էր Բրիտանիոյ Դիմանկարներու Ազգային պատկերասրահի տնօրէն Սանտի Նայրն, անցեալ տարի, երբ ինքնանկարը փրկելու արշաւը սկիզբ առաւ:

«Ոչ մէկ այլ արուեստագէտ նոյնքան հզօր ներգործութիւն ունեցած է բրիտանական դիմանկարչութեան վրայ: Ան վճռական ձեւով զայն դուրս բերած է թիւտըրներու եւ ճէյքըպեաններու խիստ եւ պաշտօնական ոճէն` զարգացնելով գեղանկարչութեան հեզասահ իւրայատուկ ոճ մը, որ բրիտանական դիմանկարչութեան մէջ տիրական պիտի դառնար մինչեւ 20-րդ դար:

«Չարլզ Ա.ի զաւակները»` Վան Տայքի վրձինով (Վիքթորիա էնտ Ալպըրթ թանգարանին հաւաքածոյէն):

«Չարլզ Ա.ի զաւակները»` Վան Տայքի վրձինով (Վիքթորիա էնտ Ալպըրթ թանգարանին հաւաքածոյէն):

Վան Տայք ծնած է Անվեր եւ  Չարլզ Ա. թագաւորին պալատական գեղանկարիչը դարձած է 1632-ին, Լոնտոնի մէջ:

Թագաւորը գեղանկարիչին շնորհած է ասպետի կոչում, ոսկի շղթայ մը եւ ամսական 200 փաունտ` անոր գեղեցիկ դիմանկարներուն համար, որոնց մէջ վտիտ վեհապետը պատկերուած է տիրական եւ հզօր դիրքով:

Վան Տայք նշեալ ինքնանկարը գծած է իր մահէն միայն 3 ամիս առաջ, 42 տարեկանին: Պաստառը ունի իտալական-անգլիական ոճի շքեղ շրջանակ մը` արեւածաղիկներու զարդապատկերով, որ կ՛առնչուի նոյնինքն գեղանկարիչին հետ:

Ինքնանկարը 2009-ին աճուրդի մը առիթով վաճառուած էր 8.3 միլիոն փաունտի. նախատեսուած գինէն երեք անգամ աւելի բարձր գինով, կոտրելով նախապէս Վան Տայքի մը համար վճարուած 3.06 միլիոն փաունտի մրցանիշը` անոր «Խոյացող նժոյգը» գեղանկարին համար:

Ինքնանկարը Բրիտանիոյ Դիմանկարներու Ազգային պատկերասրահին մէջ պիտի ցուցադրուի մինչեւ օգոստոսի վերջերը, ապա 2015-էն սկսեալ պիտի շրջի Բրիտանիոյ տարբեր շրջանները:

 

Share this Article
CATEGORIES