Արուեստի Աշխարհէն. Վինսընթ Վան Կոկ` Արուեստի Եւ Սիրոյ Մասին
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ
ՅԱՃԱԽ ՄԷՋԲԵՐՈՒԱԾ ԵՆ ՎԱՆ ԿՈԿԻ ՆԱՄԱԿՆԵՐԸ: ՍԱԿԱՅՆ ԱՆՈՐ ԱՐՈՒԵՍՏԻՆ ԵՒ ԶԳԱՑԱԿԱՆ ԱՊՐՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ՄԻՋԵՒ ԿԱՊԸ ՀԱԶՈՒԱԴԷՊՕՐԷՆ ՊԵՂՈՒԱԾ Է: ՄԱՐԻԱ ՓՈՓՈՎԱ ԻՐ «ՊՐԷՅՆՓԻՔԻՆԿԶ» ՊԼՈԿԻՆ ՄԷՋ ԿԸ ՅԱՅՏՆԱԲԵՐԷ ԵՐԿՐՊԱԳՈՒՆԵՐՈՒ ՓԱՂԱՆԳՆԵՐ ՆԵՐԳՐԱՒԱԾ ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏԻՆ ՍԻՐՈՅ ՓԻԼԻՍՈՓԱՅՈՒԹԻՒՆԸ: «ԱՆ, ՈՐ ՇԱՏ ԿԸ ՍԻՐԷ, ՇԱՏ Կ՛ԱՇԽԱՏԻ ԵՒ ԿՐՆԱՅ ՇԱՏ ԲԱՆ ԻՐԱԳՈՐԾԵԼ, ԻՍԿ ԻՆՉ ՈՐ ՍԻՐՈՎ Կ՛ԸՆԵՆՔ, ԼԱՒ Կ՛ԸՆԵՆՔ», ԳՐԱԾ Է ՏՊԱՒՈՐԱՊԱՇՏ ԳԵՂԱՆԿԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՊԵՏԸ…
«Միայն սէրերով կարելի է գոյատեւել այս կեանքին մէջ», յայտարարած է ամերիկացի գրագէտ Ռէյ Պրատպըրի: Կախարդական թէ տանջալից, բանաստեղծներու խորհրդածութեան թէ գիտնականներու ուսումնասիրութեան նիւթ` մէկ բան հաստատ է. սէրը արուեստի ամէնէն հզօր եւ յարատեւ ներշնչման աղբիւրն է, ստեղծագործական գործընթացին ուժը, որ շատ աւելի զօրաւոր է, քան` աշխարհի մէջ որեւէ ծանօթ բան: Այս իրողութեան դիպուկ մէկ վկայութիւնը եւ սիրոյ մասին պատմութեան մէջ ամէնէն գեղեցիկ արտայայտութիւններէն մէկը կը պատկանի կուռքի վերածուած գեղանկարիչ Վինսընթ Վան Կոկի: Զայն կը կարդանք 1976-ին հրատարակուած գրքոյկի մը մէջ, որ կը կրէ «Մայ լայֆ էնտ լաւ ար ուան» վերնագիրը եւ կը պատմէ «Վինսընթ Վան Կոկի կախարդանքին եւ տխրութեան մասին»` մէկտեղելով անոր մտածումները` սիրոյ, արուեստի եւ խռովքի մասին: Քաղուածքները կատարուած են իր եղբօր` Թիոյի ուղղուած Վինսընթի նամակներէն, որոնք լոյս տեսած են 1937-ին` «Տիր Թիօ. տի օթոպայոկրաֆի աֆ Վինսընթ Վան Կոկ» վերնագիրով հաստափոր գիրքին մէջ: Վերնագիրը կու գայ յատուկ նամակէ մը, զոր Վան Կոկ գրած է մտային խանգարումի ծանր վիճակներու միջեւ համեմատաբար հանգիստ պահու մը, երբ իր եղբօր խոստովանած է. «Կեանքը շատ սիրելի դարձած է ինծի համար, եւ շատ ուրախ եմ, որ կը սիրեմ: Կեանքս եւ սէրս միացած են»:
Նամակներէն մէկուն մէջ Վան Կոկ կը փառաբանէ սիրոյ` ինքզինք կայունացնելու եւ ամոքելու ներհուն իմաստութիւնը:
«Ան, որ կ՛աշխատի սիրով եւ իմաստութեամբ, բնութեան եւ արուեստի նկատմամբ իր անկեղծ սիրոյն մէջ կը գտնէ իր զրահանդերձը` ընդդէմ այլոց կարծիքներուն»:
Վան Կոկ նման զրահանդերձի մը կարիքը ունէր անկասկած: Ան իր կեանքը ապրած էր աղքատութեան մէջ. կեանքի վերջին տարիներուն կ՛ապրէր գիւղաքաղաքի մը մէջ, որուն բնակիչները իր խենթութեան պատճառով խնդրագիր ներկայացուցած էին` զայն դուրս դնելու համար գեղանկարիչներու այն շէնքէն, ուր կը բնակէր Փոլ Կոկենի եւ երկու այլ գեղանկարիչներու հետ: Շուտով փոխադրուած էր մտային խանգարումէ տառապողներու յատուկ հիւանդանոց մը, ուր շարունակած էր գծել: Թիոյի ուղղուած այլ նամակ մը կ՛արտացոլէ Վան Կոկի ապրած յուսահատութեան եւ վերականգնումի դիպուկ հակասութիւնը:
«Ի՞նչ կը ներկայացնեմ շատերուն աչքին: Ոչ մէկ բանի պիտանի անձ մը. արտառոց եւ տհաճ մարդ մը: Մէկը, որ ոչ մէկ դիրք ունի ընկերութեան մէջ եւ երբեք պիտի չունենայ: Շատ լաւ, նոյնիսկ եթէ ճիշդ է այս, պէտք է իմ գործովս ցոյց տամ, թէ ի՛նչ կը պարունակէ այս արտառոց մարդուն, նման ոչնչութիւն մը ներկայացնող մարդուն սիրտը»:

«Ինքնանկար` յարդէ գլխարկով». Վինսընթ Վան Կոկ. 1887-1888 ձմեռ:
Իրապէս, ի՜նչ սիրտ մը ունէր Վան Կոկ: Այլ նամակի մը մէջ ան Թիոյի կը պատմէ գիտակցական մակարդակը ընդարձակող սիրոյ կարողութիւնը, զոր դանիացի փիլիսոփայ Քիրքըկարտ բնորոշած է պերճախօս բառերով` նկարագրելով սիրային նոր յարաբերութեան մը սկիզբը:
«Այս սիրոյն սկիզբէն ի վեր զգացած եմ, որ եթէ ամբողջութեամբ չյանձնուիմ անոր, առանց որեւէ կաշկանդումի եւ ամբողջական սիրով, ապա ոչ մէկ այլ առիթ պիտի ունենամ, եւ թէ` նոյնիսկ այս պարագային առիթներս սակաւաթիւ են: Սակայն ի՛նչ նշանակութիւն ունի ինծի համար, թէ առիթներս բազմաթիւ են կամ սակաւաթիւ: Ըսել կ՛ուզեմ` պէ՞տք է այս մէկը նկատի ունենամ, երբ կը սիրեմ: Ո՛չ, ո՛չ մէկ հաշուեյարդար: Կը սիրենք, որովհետեւ կը սիրենք: Այսպէս, կը պարպենք մեր ուղեղը եւ չենք պղտորեր մեր մտածումները, չենք թաքցներ մեր զգացումները, ոչ ալ կը մարենք կրակն ու լոյսը, այլ պարզապէս կ՛ըսենք` փառք Աստուծոյ, կը սիրեմ»:
Պէտք է ըսել, թէ Վան Կոկ ողջախոհութեամբ անդրադարձած էր, թէ բարեկամութիւնը առնուազն վիպերգական սիրոյ նման մեծ պարգեւ մըն է: Այլ նամակի մը մէջ ան կը գրէ Թիոյի.
«Գիտե՞ս, թէ ի՛նչ բան մարդը կ՛ազատագրէ իր կապանքներէն. շատ խոր եւ լուրջ համակրանքը: Դառնալ բարեկամ, դառնալ եղբայր, սիրել, այս բոլորը գերբնական ուժով մը, կախարդական ուժով մը կը բանան բանտին դռները: Երբ համակրանքը կը ստեղծուի, կեանքը կը վերահաստատուի»:
Այլ նամակի մը մէջ ան կ՛աւելցնէ.
«Սիրէ բարեկամ մը, սիրէ կինդ, որեւէ բան, ի՛նչ որ կ՛ուզես, սակայն պէտք է սիրես վերամբարձ, լուրջ եւ սերտ համակրանքով: Պէտք է միշտ փորձել աւելի խոր գիտնալ, աւելի լաւ գիտնալ եւ աւելին գիտնալ»:
Վան Կոկ ամբողջ սրտով կը հաւատար սիրոյ նկատմամբ այս համապարփակ մօտեցումին, համակրանքի այս լայն ցանցին: Ռէյ Պրատպըրի մէկուկէս դար ետք անոր արձագանգը պիտի հնչեցնէր, երբ իր խօսքը պիտի ուղղէր գրագէտ դառնալու փափաքը փայփայող երիտասարդներու. «Կ՛ուզեմ, որ բազմաթիւ սէրեր ունենաք», ըսած է ան: Իսկ Վինսընթ նամակի մը մէջ կը գրէ.
«Լաւ է շատ բաներ սիրելը: Հոն է ճշմարիտ ուժը: Եւ ան որ շատ կը սիրէ, շատ կ՛աշխատի եւ կրնայ շատ բան իրագործել, իսկ ինչ որ սիրով կ՛ընենք, լաւ կ՛ընենք»:
Ապա` աւելի ուշ ան կը գրէ.
«Աստուած ճանչնալու լաւագոյն ձեւը շատ բաներ սիրելն է»:
Վան Կոկ սիրոյ մարդկային կարողութիւնը կը նկատէ ստեղծագործական գործընթացին անբաժան մէկ մասը:
«Աշխատելու եւ արուեստագէտ դառնալու համար մարդ կարիքը ունի սիրոյ: Գէթ ան, որ կ՛ուզէ զգացում դնել իր գործին մէջ, պէտք է ամէն բանէ առաջ ի՛նք զգայ եւ ապրի իր սրտով», կը գրէ ան:

Վան Կոկի ճեպանկարներու առաջին գիրքը:
Իրօք, սիրոյ այս կարողութիւնն է, այսինքն` սրտով ապրիլը, որ արուեստագէտը կանգուն կը պահէ իր պայքարին մէջ, ինչպէս նաեւ` մերժումի կեցուածքներու դէմ յանդիման: Այլ նամակի մը մէջ ան կը գրէ.
«Հետզհետէ աւելի կը հաւատամ, թէ բոլոր մեծ արուեստագէտներուն սկզբունքն է աշխատիլ` աշխատելու սիրոյն. չյուսալքուիլ` նոյնիսկ, երբ գրեթէ սոված ենք, երբ կը զգանք, թէ պէտք է հրաժեշտ տանք նիւթեղէն հանգստութեան»:
«Վան Կոկի համար արուեստի եւ կեանքի մէջ սրտին նախապատուութիւն տալը հիմնական արժէք էր: Թիոյի ուղղուած այլ նամակի մը մէջ ան կը բանաձեւէ հաւանաբար իր ամէնէն խորախորհուրդ հաւատամքը.
«Գիտե՞ս, թէ շա՜տ շա՛տ անհրաժեշտ է, որ պարկեշտ անձեր ստեղծագործեն արուեստի մէջ: Գրեթէ ոչ ոք գիտէ, թէ գեղեցիկ գործի մը գաղտնիքը մեծ մասամբ կը գտնուի ճշմարտութեան եւ անկեղծ զգացումներու մէջ»:
Թէեւ շատոնց արդէն սպառած «Մայ լայֆ էնտ լաւ ար ուան» գիրքէն օրինակներ տակաւին կարելի է գտնել եւ կ՛արժէ փնտռել: Կը յանձնարարեմ անոր կողքին թերթատել Վան Կոկի նոր յայտնաբերուած ճեպանկարներու տետրակները, ապա կարդալ ամերիկացի գրագէտ Սիւզըն Սոնթակի գրութիւնները` սիրոյ մասին:

