«Հայոց Եւ Տէրսիմի Կոտորածներուն Հետ Առերեսում»` Զմիւռնիոյ Մէջ
ԿԱՐՕ ՓԱՅԼԱՆ
Կրթական արհմիութեան Իզմիրի մասնաճիւղին կողմէ, Չիղլիի քաղաքապետութեան սրահին մէջ կազմակերպուեցաւ աշխատաժողով մը` «Հայոց եւ ՏԷրսիմի կոտորածներուն հետ առերեսում» նիւթին շուրջ` մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծելով: Աշխատաժողովի բանախօսներուն կարգին էին քրտամէտ Ժողովրդային ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան վարչական խորհուրդի անդամ Կարօ Փայլան, Էրտողան Այտըն եւ Մեհմեթ Պայրաք:
Բացման խօսքը արտասանեց Կրթական արհմիութեան գլխաւոր քարտուղար Մեհմեթ Պոզկէյիք, որ նշեց, թէ ապրիլ 24 եւ մայիս 4 թուականները Թուրքիոյ պատմութեան երկու կարեւոր ողբերգութեան օրերն են, իսկ ցեղասպանութիւնը ուրանալ` կը նշանակէ շարունակել ցեղասպանութիւնը:
Պոզկէյքէն ետք ելոյթ ունեցաւ Էրտողան Այտըն, որ յիշեցուց, թէ «ցեղասպանութիւն» բառը իր մեկնաբանութիւնը գտած էր Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ետք, բայց անկէ առաջ Թուրքիոյ մէջ ապրուածները լիովին կը համապատասխանեն ցեղասպանութեան պայմաններուն: «Համաշխարհային Ա. պատերազմէն ետք կազմուած իշխանութիւնը ժողովուրդին խոստացաւ հաւասար իրաւունքներով եւ ազատութիւններով օժտեալ երկիր մը, բայց Տէրսիմի կոտորածը փաստեց, որ այդպէս չեղաւ», ըսաւ Այտըն:
Կարօ Փայլան նշեց, որ ամէն բանավէճէ ետք մէջտեղ կը դրուի «փաստերը ներկայացնենք ու խօսինք» մօտեցումը, ինչ որ ճիշդ չէ: «Այո՛, փաստաթուղթերը պատմութեան իրականութիւնները երեւան հանելու համար կարեւոր տեղ ունին, բայց Հայոց ցեղասպանութիւնը միայն փաստաթուղթերով լուսաբանելու աշխատանքը իրապաշտ կեցուածք մը չէ», ըսաւ Փայլան: Անդրադառնալով վարչապետին ցաւակցական ուղերձին` բանախօսը յայտնեց, որ ատիկա կարեւոր քայլ մըն էր, սակայն, մինչեւ որ վարչապետը իր «ցաւակցութիւն»-ը «ներողութեան» չփոխէ, անոր անկեղծութիւնը բանավէճի նիւթ պիտի ըլլայ:
Մեհմեթ Պայրաք իր կարգին յիշեցուց, որ Տէրսիմի մէջ 40-50 հազար անձ սպաննուած էր ու մօտաւորապէս 14 հազար հոգի` աքսորուած: Ըստ անոր` կոտորածը նախապէս ծրագրուած էր ու պատրաստուած` ոստիկան զօրաց հրամանատարութեան կողմէ:

