77 Տարի Առաջ Տէրսիմի Մէջ Ի՞նչ Պատահեցաւ
Ցեղասպանութեան տարիներուն տէրսիմցիները ապաստան տուած են աւելի քան 40 հազար հայերու: Ցեղասպանութեան հանգրուանին, Տէրսիմ ապաստանած շատ մը հայեր ալեւի դարձած են` իւրացնելով տէրսիմցիներու ապրելակերպը:
1938-ին թրքական ճնշումներուն դէմ ծառացան Տէրսիմի ցեղախումբերը` Սէյիտ Ռիզայի գլխաւորութեամբ: Ըստ տէրսիմցի արդի ժամանակներու մտաւորականներու, 1938-ի յեղափոխութեան տէրսիմցիներու կողքին զէնք վերցուցած են դաւանափոխ դարձած հազարաւոր հայեր, իսկ ապստամբութեան տխուր վախճանին յաջորդող քեմալական բանակի ջարդերուն` տէրսիմցիներու կողքին սպաննուած եւ ջարդուած են նաեւ հայեր:
Այսօր եւրոպացի կարգ մը պատմաբաններու կողմէ ընդունուած է այն տեսութիւնը, որ 1937-38 քեմալական ուժերու կողմէ ջարդուած են 70 հազար տէրսիմցիներ եւ հայեր:
Անահիտ Քարտաշեան «Ակունք» կայքին վրայ զետեղուած իր յօդուածին մէջ կը գրէ, որ ի պատասխան քեմալական Թուրքիոյ` ազգային փոքրամասնութիւններու նկատմամբ հետեւողականօրէն գործադրած ուծացման քաղաքականութեան` 1920-1930-ական թուականներուն տեղի ունեցան քրտական շարք մը զանգուածային ապստամբութիւններ: Անգարա քիւրտերու պահանջները որակեց ոչ այլ ինչ, քան` օտարերկրեայ տէրութեան (Բրիտանիոյ, «Հ») սադրանք: Քեմալական կառավարութիւնը, ճնշելով 1925-ի շէյխ Սայիտի եւ 1927-1931 թուականներու Արարատի քրտական ապստամբութիւնները, 1937-ին սկսաւ գործողութիւններ ծաւալել ըմբոստութիւններու երրորդ օճախի` Տէրսիմի դէմ:
1936-ին Քեմալ Աթաթուրքի առաջարկով Տէրսիմի հարցը կը դրուի կառավարական օրակարգի վրայ: 1936-ի Նոյեմբեր 1-ին խորհրդարանի նիստի բացման ժամանակ Մ. Քեմալ Տէրսիմի վերաբերեալ իր զեկուցումին մէջ կ՛ըսէ. «Մեր ներքին գործերու մէջ ամէնէն կարեւորը Տէրսիմի խնդիրն է: Անհրաժեշտ է ամէն գնով արմատախիլ ընել այդ սարսափելի թարախակոյտը: Այս հարցի վերաբերեալ շտապ միջոցներ ձեռնարկելու համար կառավարութիւնը օժտուած է լայն իրաւասութիւններով»:
Միջոցները չեն ուշանար, 1937-ի մայիսի 4-ին վարչապետ Ի. Ինոնիուն նախարարներու խորհուրդի ժողովին ընթացքին, որուն մասնակցած է նաեւ սպայակոյտի պետ Ֆեւզի Չաքմաքը, կը բացատրէ տէրսիմցիներու համար նախատեսուած բարեփոխումներու ծրագիրին էութիւնը: Ծրագիրով կը նախատեսուէր Տէրսիմի մէջ կառուցել ճանապարհներ, կամուրջ, դպրոց եւ զօրանոց, կարգաւորել զինուորական եւ հարկային գործերը, արմատախիլ ընել շէյխութիւնները եւ աղայութիւնները, Տէրսիմը աւազակային որջի վերածողները աքսորել արեւմտեան շրջաններ, ուր պէտք էր դառնային «պատուաւոր եւ կրթուած» քաղաքացիներ: Առանց նախարարներու խորհուրդի թոյլտուութեան` ոչ ոք կրնար բնակիլ Տէրսիմի մէջ:
Որդեգրուած որոշումով Տէրսիմի նահանգ կը ժամանէ զօրավար Ապտիւլլա Ալփտողանը: Վերջինիս հրամանատարութեամբ այստեղ կը սկսին զօրանոցներու, զինուորական պահակակէտերու կառուցումը: Տէրսիմցիները, սակայն, կռահելով «տնտեսական բարեփոխումներու» քողի տակ իրականացուող շինարարական կառոյցներու ետին գտնուող մտադրութիւնը` աւանդական համայնքներու քայքայումը, կը հրաժարին աշխատանքներու մասնակցելէ եւ կը սկսին իշխանութեան ներկայացուցիչներուն դէմ կանգնիլ: Շուտով թրքական կառավարութիւնը Տէրսիմի մէջ կը ստեղծէ ռազմական խորհուրդ եւ դատարան:
Զօր. Ալփտողան կը յայտարարէ արտակարգ դրութիւն եւ Տէրսիմի բոլոր ցեղապետներէն կը պահանջէ յանձնել 200 հազար հրացան: Տէրսիմի գըզըլպաշ ցեղախումբերու ղեկավար Սէյիտ Ռիզան զօր. Ալփտողանին նամակ կ՛ուղարկէ` պահանջելով, որ կառավարութիւնը դադրեցնէ նոր օրէնքը եւ ճանչնայ տէրսիմցիներու իրաւունքները: Սակայն` ապարդիւն:
Տէրսիմի զինուորական գործողութիւններուն կը մասնակցին նաեւ Թուրքիոյ զինեալ ուժերու օդուժի 3-րդ տորմիղը` Աթաթուրքի հոգեզաւակ Սապիհա Կէօքչենի գլխաւորութեամբ: Գործողութիւններուն ընթացքին կը սպաննուին տասնեակ հազարաւոր անմեղ մարդիկ: Տէրսիմի կոտորածներէն չեն կրնար խուսափիլ նաեւ 1915-ի Հայոց ցեղասպանութենէն փրկուած հայերու բեկորները: Կոտորածներէն ետք ձուլման քաղաքականութիւնը իր աւարտին հասցնելու համար թուրք զինուորականներուն կը ստիպեն որդեգրել բազմաթիւ տէրսիմցի աղջիկ երեխաներ:
77 տարի ետք Պոլսոյ Կալաթասարայ հրապարակին վրայ հաւաքուած բազմութիւնը յարգանքի տուրք մատուցեց անմեղ զոհերու յիշատակին:
Տէրսիմի բազմաթիւ հասարակական կազմակերպութիւններու` Տէրսիմի Բերդեկցիներու միութեան, Ալիպէյքէօյի տէրսիմցիներու միութեան, Ազատ ժողովրդավարական ալեւիներու միութեան, Մնձուրի շրջակայ շրջանի միութեան եւ այլոց անունով հանդէս եկող Հուսէյն Այրըլմազ յայտարարեց. «Երէկ կը պահանջէինք պահպանել մեր լեզուն, հաւատքն ու ինքնութիւնը, այսօր` 77 տարի ետք, դարձեալ նոյն բանը կը պահանջենք. կ՛ուզենք մեր հողերուն վրայ ազատ ապրիլ: Պատկերացուցէք, որ այս պետութիւնը կազմաւորուելու ընթացքին կու տայ խոստումներ, որոնք չի կատարեր: Ոչ միայն չի կատարեր, այլ նաեւ քայլ առ քայլ կը ծրագրէ կոտորածը: Չի վարանիր մինչեւ իսկ սեփական քաղաքացիներուն արիւնը թափել»:

