ԱՆԳԱՐԱ ԽԶԵՑ ԹՐԻՓՈԼԻԻ ՀԵՏ ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ԻՐ ԿԱՊԵՐԸ
Թուրքիոյ պետական պաշտօնաթերթը հաղորդեց, որ Թուրքիա խզած է Մոամմար Քազզաֆիի կառավարութեան հետ դիւանագիտական իր յարաբերութիւնները եւ Թրիփոլիի մէջ իր դեսպանը տուն կանչած:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու կիրակի օր Պենկազի այցելած էր եւ Լիպիոյ ըմբոստներուն կազմած Ազգային փոխանցման խորհուրդը իբրեւ «լիպիացի ժողովուրդին օրինական ներկայացուցիչը» ճանչնալէն ետք անոր 200 միլիոն տոլարի օժանդակութիւն խոստացած էր: Տաւութօղլու Պենկազիի մէջ յայտարարած էր, որ ժամանակը հասած է, որ Քազզաֆի հեռանայ Լիպիայէն:
Միւս կողմէ, Թուրքիա երէկ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի որոշումներուն հիմամբ ժամանակաւորապէս սառեցուց Քազզաֆիի վարչակարգի Լիպիական արտասահմանեան դրամատան` Թուրքիոյ Արաբ Թիւրք Պանքասը դրամատան բաժնետոմսերուն մէջ ունեցած 62 առ հարիւր շահաբաժինը: